Մինսքի խումբի համանախագահ Իկոր Փոփովի կարծիքով արցախեան կողմը, որոշ փուլէ մը ետք, պէտք է իր տեղը գրաւէ բանակցութեանց սեղանին շուրջ, քանի որ Արցախ ապրող ժողովուրդին ճակատագիրն իսկ պիտի որոշուի: Ան այս մասին արտայայտուած է լրագրողներուն, իր

ալ մաս կազմած պատուիրակութեան  վերջերս Արցախ կատարած այցին, նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ ունեցած զրոյցի աւարտին:
«Միջնորդներու այցերը Լեռնային Ղարաբաղ, հանդիպումները Բակօ Սահակեանի հետ կը վկայեն Ղարաբաղը ընթացիկ գործընթացներու, էական հարցերու քննարկման մէջ ներգրաւելու մասին» ըսած է Փոփով շարունակելով. «Մենք կ"առաջնորդուինք այն սկզբունքով, որ  Ղարաբաղը պէտք է վերադառնայ գործընթաց, քանի որ, ի վերջոյ, խօսքը այն մարդոց ճակատագրին մասին է, որոնք կ'ապրին հոն: Մենք կ'ենթադրենք, որ կարգաւորման հիմնական սկզբունքներու աշխատանքներու աւարտին, կը պարզուի թէ ի՛նչպէս պէտք է յառաջանալ եւ  կարելի է, Ղարաբաղը բանակցային սեղանի շուրջ վերադարձնել»: