Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 23-ին հանդիպումներ ունեցած է ԼՂՀ Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. եւ ԱԺԿ պատգամաւորական խումբերու անդամներուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են 2014թ. պետական պիւտճէի ընդունման հետ կապուած հարցեր:
Երկրի ղեկավարը բարձր գնահատած է երկու խումբերու աշխոյժ մասնակցութիւնը եւ անոնց կողմէ եղած առաջարկները պիւտճէի քննարկումներու ընթացքին` նշելով, որ գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանական թեւերու մասնակցութիւնը փաստաթուղթի ընդունման ընթացքին նշանակալի են  հաւասարակշռուած եւ իրատեսական մօտեցումներու մշակման համար: