Ի՞նչ տուաւ ուսման վարձավճարներու յաւելումը: Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի խօսքով՝ աւելցուած այդ գումարը, որը կը կազմէ շուրջ 450 մլն դրամ, ուղղուած է աշխատավարձերու բարձրացման, ուսումնաօժանդակ նիւթերու ձեռքբերման:

Հանրապետութեան կրթական եւ գիտական տարին ամփոփեց նախարար Արմէն Աշոտեան:
Այս տարի Հայաստանի մէջ 73 նոր նախակրթարան ստեղծուեցաւ եւ վերագործարկուեցաւ՝ 1800 երեխայի համար: Այս անցնող տարուայ ձեռքբերումներէն է. “117 դպրոցներում ներառական կրթութիւն ենք աւելացրել, 15 մետալ ենք նուաճել միջազգային առարկայական օլիմպիատաներում: Շուրջ 50 տոկոսով աւելացել են ուսումնարաններում անվճար տեղերը”:
Աւանդոյթի ուժով, նախարար Արմէն Աշոտեանը տարին կ'ամփոփէ թիւերու լեզուով՝ հանրապետութեան 1350 դպրոցներէն 1150-ին մէջ ուսումնական զէնք ունին. Ոստիկանութեան հետ համատեղ ծրագիրը յաջողութեամբ իրականացուեցաւ: 22 հազար աշակերտ ալ մասնակցեցաւ ռազմադաշտային դասաւանդութիւններու: Աւարտեցաւ հանրակրթական դպրոցներուն մէջ ճատրակի ներդրումը. 2-4-րդ դասարանցիներուն համար ճատրակը պարտադիր առարկայ է: Ֆրանսերէնի խորացուած դասարանով ֆրանսական լիցուի նախատիպ դարձած է Երեւանի թիւ 119 դպրոցը: Ռուսերէնի խորացուած ուսուցում կþիրականանայ հանրապետութեան 60 դպրոցներու մէջ, 42-ի մէջ եւս կան ռուսական դասարաններ: 30 երկիրներու հայ գաղթօւախներուն 62 հազար ուսումնագիտական գրականութիւն ուղարկուեցաւ: Յաջողութիւններ գրանցուեցան նաեւ գիտական կեանքէն ներս:
Միջազգային արդիւնաւէտ համագործակցութեան արդիւնք է, որ հայաստանեան որոշ բուհեր իրենց տեղը ունին եւրոպական կրթական քարտեզի մէջ: Թէեւ նախարարը կþընդգծէ. կըրթութեան որակը կը շարունակէ մտահոգիչ խնդիր ըլլալ:
“Բարեփոխումների տեմպը եւ յաջողութիւնը միշտ չէ, որ մեզ գոհացնում է: Ծրագրերը այնքան դժուար չեն կեանքի կոչւում, որքան աւելի դժուար է կրթական բարեփոխումների հանրային ընկալման հարցը”,- ըսաւ Արմէն Աշոտեան։
Ըստ անոր խօսքերուն, անկախութենէն ետք կրթական համակարգի համար ոչ մէկ տարի հեշտ չէ եղած, այդ առումով բացառութիւն չէ նաեւ 2013-ը: Շատ խնդիրներու լուծման ուղիները կը փնտրուին յաջորդ տարի, ինչպէս համակարգի ամենամտահոգիչ հարցերէն մէկու՝ կաշառակերութեան: Ոլորտի թիւ 1 պատասխանատուի խօսքով՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարը յաւերժական է: