
Աշխարհի մէջ կայ աւելի քան 43 միլիոն փախստական
Աշխարհի մէջ փախստականներու թիւը 15 տարուան ընթացքին հասած է արդէն իր ամէնաբարձր ցուցիչին. անոնց ճնշող մեծամասնութիւնը կ՝ապրի աղքատ երկիրներու մէջ։ Այս մասին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով Գերագոյն յանձնաժողովի (UNHCR) զեկոյցով, երէկ կայացած «փախստականներու միջազգային օր- ւան» առիթով։
Ինչպէս կը գրէ Guardian թերթը, զեկոյցի համաձայն՝ 2010ին հաշիւ կÿըլլար 43,7 միլիոն փախըստական մարդոց համար, որոնց կարգին՝ պատերազմի կամ բնական աղէտներու հետեւանքով իրենց բնակավայրերէն հեռացած անձեր։ Կարեւորութեամբ կը նշուի, որ անոնց կէսէն աւելին երեխաներ են։ Զեկոյցին մէջ սակայն, հաշուի չէ առնուած արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու հետեւանքով յառաջացած գաղթականութեան ալիքը։
Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ 43,7 միլիոնէն՝ 15,4 միլիոնը փախստականներ են, 27,5 միլիոնը՝ բռնի տեղահանուածներ, իսկ 840 հազարը կը սպասէ փախստականի կարգավիճակ ստանալու։ UNHCR-ի տուեալներով, աշխարհին մէջ կÿապրի քաղաքացիութիւն չունեցող 12 միլիոն մարդ։ Յաւելեալ կը նշուի թէ հայրենիք վերադարձող փախստականներու թիւը կրճատւած է 197,9 հազարով, որը վերջին 20 տարիներուն ընթացքին ամէնէն ցած ցուցանիշն է։ Այդ պատճառով փախստականներուն մօտ կէսը երկարաժամկէտ իրենց երկիրը լքած մարդիկ են։
Միջազգային կառույցները առարկայական չեն
փախստականներու հարցերով, կ՝ըսէ Հրանոյշ Խառատեանը
Ազգագրագէտ Հրանոյշ Խառատեանը ասուլիս մը տալով կասկածելի համարած է փախստականներու խնդիրներու լուծման հարցով միջազգային կառոյցներու գործունէութեան առարկայականութիւնը՝ յիշեցնելով, որ Հայաստանը երկու տասնամեակէ աւելի է, որ ունի փախստականներու խնդիր: ՄԱԿը տարբեր ուղղութիւններով հետաքրքրուած է, իսկ «ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կարողացաւ իր մէջ ուժ գտնել եւ խախտել իր իսկ կողմից ընդունուած օրէնքները՝ խաչքարները ներկայացնելով առանց մակագրութիւնների, քանի որ պիտի նշուէր, որ խաչքարը Վանից է, իսկ Վանը հիմա Թուրքիայում է»,- ըսած է Խառատեանը, նկատի ունենալով վերջերս ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կազմակերպած ցուցադրութեան ժամանակ տեղի ունեցած միջադէպը: