Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ուսումնարանի հաւաքածուն համալրուած է քարտէզագրական նոր նիւթերով, որոնք թողարկուած են 1920-ականներու առաջին կիսուն:

Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, տեղեկացուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ուսումնարանէն:
Ամերիկեան, գերմանական, բրիտանական քարտէզագրական այս նիւթերը մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն, քանի որ այնտեղ առկայ են նաեւ արդէն Հանրապետական հռչակուած Թուրքիոյ սահմանները: Ըստ այդմ, Թուրքիոյ արեւելեան սահմանը կ’անցնի այն սահմանագիծով, որ հաստատ-ւած էր ԱՄՆ 28-րդ նախագահ Ուտրօ Ուիլսընի (1856-1924թթ.) իրաւարար վճիռով:
Քարտէզագրական այս նիւթերը լաւագոյն վկայութիւնն են այն բանի, որ նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումէն ետք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանագիծը համարուած է 1920թ. Նոյեմբերին ԱՄՆ նախագահի կողմէ հաստատուած սահմանագիծը, որ միջազգային որեւէ համաձայնագիրով չէ ենթարկուած փոփոխութեան եւ չեղեալ չէ համարուած: