Արաբական Միացեալ Էմիրութուններու ազգային «Իթիհատ» օդանաւային ընկերութիւնը 16 Դեկտեմբերին յայտարարած է, որ շաբաթական չորս թռիչք պիտի կատարէ Ապու Տապի-Երեւան ուղղութեամբ:
Դէպի Հայաստանի մայրաքաղաք թռիչքները պիտի սկսին յառաջիկայ տարուան 2 Յուլիսին։ Ընկերութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Միացեալ Էմիրութիւններու գլխաւոր փոխադրողը երկու դասակարգ ունեցող «A320» օդանաւեր պիտի օգտագործէ՝ շաբաթական 1088 ճամբորդի փոխադրութիւն կատարելով։
Ընկերութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Երեւանը Հայաստանի մեծագոյն քաղաքն է ու աշխարհի հնագոյն, մնայուն կերպով բնակեցուած քաղաքներէն մէկը։ Նոր թռիչքները գոհացում պիտի տան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Երեւանի միջեւ օրէօր աճող օդային ճանապարհորդութեան պահանջքին: Անոնք նաեւ օգտակար պիտի ըլլան աշխարհով մէկ սփռուած հայերուն, ու յատկապէս Միացեալ Նահանգներու հայկական գաղութին՝ բանալով դէպի Երեւան նոր օդանաւային ուղի»:
«Իթիհատ» ընկերութիւնը պիտի ըլլայ Ծոցի երկիրներէն մի-ակ առեւտրային օդանաւային ընկերութիւնը, որ ծառայութիւններու ամբողջական ծրար պիտի տրամադրէ դէպի Երեւան», յայտնած է «Իթիհատ»ի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ճէյմզ Հոկընը՝ նշելով, որ նոր ուղղութիւնը «պիտի նպաստէ զբօսաշըրջութեան զարգացման՝ Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ աւելի եւս պիտի ամրապնդէ արդէն կայացած առեւտրային եւ զբօսաշրջային կապերը Հայաստանի եւ ԱՄԷի միջեւ»:
«Գտնուելով Ապու Տապիէն մօտ երեք ժամ հեռաւորութեան վրայ՝ Հայաստանը իտէալական ուղղութիւն է զբօսաշրջիկներուն համար, որոնք հիասքանչ տեսարաններէ ու բազում ժամանցի վայրերէ բացի կը փնտռեն հիանալի մշակոյթ եւ բազմամեայ պատմութիւն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։