Հայաստանի մէջ Քուէյթի դեսպան՝  Ֆատի  Ղալյան, Alanba լրատուամիջոցին տուած իր հարցազրոյցի ընթացքին հաստատած է, որ մեր երկրի մաքսային միութեան անդամակցիլը կը “բխի հայ ժողովուրդի շահերէն”, նշելով,

որ կան կարեւոր առաւելութիւններ այդ ուղղութեամբ երթալու համար,-” Առեւտուրի ծաւալի շրջանառութիւնը կը գերազանցէ եւրոպական երկիրներուն, ինչպէս նաեւ տարանցիկ ուղիներու առկայութիւնը պետութիւններու միջեւ”, միեւնոյն ժամանակ ան շեշտած է, որ իրենք մտահոգ չեն Եւրոպական հիմնաչափերէն”, ըսած է դեսպանը ուշադրութեան հրաւիրելով, որ ” երկիրը  լաւ յարաբերութիւններ ունի Եւրոպական Միութեան եւ մասնաւորապէս եւրոպական երկիրներու հետ, եւ գոհ է անոնց հետ ունեցած  առեւտուրի ծաւալէն»։
Դեսպանը իր գոհունակութիւնը յայտնած է Հայաստանի եւ Քուէյթի միջեւ տարբեր ոլորտներու (քաղաքական, տնտեսական եւ ներդրումային) յարաբերութիւններու զարգացման համար։ Ան հաստատած է Քուէյթի կառավարութեան աջակցութիւնը եկեղեցի կառուցելու հարցին։
Դեսպանը  յատնած է, որ Քուէյթի քաղաքացին Հայաստան մուտքի վիզան կը ստանայ օդակայանէն՝ նշելով, որ անցեալ տարի Հայաստան այցելած մէկ միլիոն զբօսաշրջիկներէն 500-ը վիզա ստացած են Քուէյթէն, ան նշած է նաեւ, որ մօտ օրէն պիտի տեսնենք Քուէյթ- Հայաստան առաջին թռիչքը: