Վաղը, 12 Դեկտեմբերին Երեւան պիտի ժամանէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Սեւծովեան տնտեսական կազմակերպութեան յանձնաժողովի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով: Այս այցելութեան շուրջ մեկնաբանութիւնները, քննադատութիւնները, պահանջքները օրէ օր կը սաստկանան:

Մամուլին տարածուած յայտարարութեամբ մը, Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական եւ Երիտասարդական միութիւնները յայտնեցին, թէ բողոքի ցոյց պիտի նախաձեռնեն՝ Թուրքիային եւ համաշխարհային հանրութեան յիշեցնելու համար, որ հայութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում կը պահանջէ:

Ցոյցը տեղի պիտի ունենայ վաղը առտու ժամը 9:30-ին, Արմենիա Մարիոթ պանդոկին մօտ:

«Նախ թող այցելէ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրը»
կ'ըսէ Շաւարշ Քոչարեան

Հայաստանի ԱԳ փոխ նախարար Շաւարշ Քոչարեանը Armenpress-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է. «Եթէ Թուրքիան ցանկանում է յարաբերութիւնները բարելաւել Հայաստանի հետ, նախ թող ճանաչի Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու սահմանը բացի»:

Ինչպէս կը յայտնէ Hurriyet.com-ը, Տաւութօղլուի Հայաստան այցելութեան գծով Քոչարեանը ըսած է. «Սադրիչ յայտարարութիւններ անելու փոխարէն Երեւանում այցելէք Ցեղասպանութեան զոհերի յուշահամալիր եւ մէկ րոպէ լռութեամբ յարգէք անմեղ զոհերի յիշատակը։ Եթէ Թուրքիան ցանկանում է հարեւան երկրների հետ իր յարաբերութիւնները արագ բարելաւել, նախ պէտք է ճանաչի Օսմանեան կայսրութեան կողմից իրագործուած Ցեղասպանութիւնն ու բացի՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը»:

«Տաւութօղլու կը փորձէ խաբկանք ստեղծել, իբրեւ թէ գործընթաց մը կայ»  կ'ըսէ Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան խօսելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի Հայաստան ժամանման մասին, դիտել տուած է թէ պաշտօնական չէ այցելութիւնը, այլ ընդամէնը տարածաշրջանային կազմակերպութեան համաժողովի մը ներկայութիւն է։ Անդրադառնալով այս այցելութեան կապակցութեամբ առկայ ակնկալութիւններուն ըսած է, թէ «Երեւան գալով-գնալով արձանագրութիւնները չեն վաւերացուի։ Իրենք փորձում են այդ տպաւորութիւնը ստեղծել՝ պարզապէս աշխարհին ցոյց տալու, թէ ինչ-որ գործընթաց կայ Հայաստանի հետ՝ 2015ին ընդառաջ»։