ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական արտադրութեան Armtab «փլանշեթ»ներու (թապլեթ) վաճառքի մեծաքանակ գինը պիտի տատանի 225-280 տոլարի սահմաններուն միջեւ՝ պաստառի չափերուն համաձայն:

Այդ մասին «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է մշակող եւ արտադրութիւնը կազմակերպող Technology and Science Dynamics Inc?/Armtab Technologies ընկերութեան նախագահ Վահան Շաքարեանը: Ան նշած է, որ շուկային մէջ պիտի ներկայացուի հայկական «փլանշեթ»ի 5 մոտել, որոնց պաստառի անկիւնագիծերը պիտի ըլլան 7.85, 9, 9.7 եւ 10.1:

Անոր համաձայն, արտադրութիւնները պիտի ունենան 16 կիկապայթ յիշողութիւն, 1-1.2 կիկապայթ ռամ։ Armtab «փլանշեթ»ները պիտի ունենան նորագոյն «Ռեթինա» պաստառներ:

Շաքարեանի համաձայն, ընկերութիւնը պիտի զբաղի միայն մեծաքանակ վաճառքով: Թիրախային երկիրները կը նկատուին Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Սէուտական Արաբիան, Մեքսիքոն, Պրազիլը, Արժանթինը, ինչպէս նաեւ եւրոպական եւ մերձպալթեան երկիրները: Բանակցութիւններ կը կատարուին նաեւ Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի հետ։

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կից արդիւնաբերական խորհուրդի նիստին ընթացքին ներկայացուած է հայկական արտադրութեան առաջին «փլանշեթ»ն (Armtab) ու առաջին հեռախօսը (Armphone)։

Վարչապետը յայտնած է, որ Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառին մէջ գործող հայ-ամերիկեան Technology and Science Dynamics Inc?/Armtab Technologies ընկերութիւնը նախաձեռնած է հայկական առաջին «փլանշեթ»ներու արտադրութեան: Ընկերութեան նախագահ Վահան Շաքարեանի համաձայն, անոնց ծրագրային եւ սարքային ապահովման (software եւ hardware) աշխատանքները կը կատարուին Հայաստանի մէջ, իսկ հաւաքումը՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Հոն Քոնկի։ Կը նախատեսուի, որ «փլանշեթ»ներու արտադրութիւնն ու վաճառքը սկսի 2014ին։

Յունուար-Փետրուար ամիսներուն արտադրութեան մէջ պիտի ներգրաւուին 25-50 բարձրակարգ հայաստանեան մասնագէտ: