Գիւմրիի քաղաքապետի ընկերակցութեամբ՝ Ֆրանսայի խորհրդարանական խումբի պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ երկրաշարժի զոհերու յիշատակին մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութեան եւ ծաղիկներ զետեղեց անմեղ զոհերու յիշատակին։
Օրուան ընթացքին մարդաշատ էին ինչպէս Գիւմրիի մէջ գործող եկեղեցիները, նոյնպէս ալ գերեզմանատուները: Մարդիկ երկրաշարժէն քառորդ դար ետք դարձեալ կ՛այցելէին աղէտին զոհ գացած հարազատներու շիրիմները՝ սգալու անոնց կորուստը:
ԼՂՀ Նախագահը Ծաղկեպսակ Դրած է Սպիտակի Երկրաշարժի Զոհերու Յիշատակը
Յաւէրժացնող Յուշակոթողին
Սպիտակի երկրաշարժի 25-րդ տարելիցին առիթով՝ Դեկտեմբեր 7-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղկեպըսակ դրած անմեղ զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող յուշակոթողին: