ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի զինուորական շրջանակներէն «Ազատութեան» ձայնասփիւռի կայանի թղթակից Սարգիս Յարութիւնեանին յայտնած են, որ լեհական ընկերութիւններէն մէկը կ՛արդիականացնէ Հայաստանի զինուած ուժերու «T-72» տեսակի հրասայլերը: Քանակին եւ սարքաւորումներու մանրամասնութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ չկան։
Պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ո՛չ հաստատած, ո՛չ ալ հերքած է այս տեղեկութիւնը. «Նման տեղեկութիւն չենք տրամադրում մամուլին, թէ սպառազինութեան ի՞նչ քանակ, տեսակ եւ որտե՞ղ ենք կատարելագործում: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան սպառազինութեան կատարելագործումը շարունակական գործ է եւ հանդիսանում է մեր աշխատանքի գերակայ ուղղութիւններից մէկը»:
Հայկական հրասայլերու արդիականացման մասին տեղեկութիւնը առաջին անգամ հրապարակեց Մոսկուայի մէջ գործող հեղինակաւոր՝ «Սպառազինութեան համաշխարհային առեւտուրի վերլուծութեան կեդրոնը», որ ճանչցուած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական հետախուզութեան հետ ունեցած կապերով:
Ըստ կեդրոնին, լեհական «Պումար լեպըտի» ընկերութեան մէջ տեղի կ՛ունենայ հայկական զինուած ուժերու «T-72» տեսակի 84 հրասայլերու արդիականացումը, եւ աշխատանքներու աւարտէն ետք հայկական «T-72»ները պիտի ըլլան լեհական «PT-72U» կարգի հրասայլեր: Ըստ աղբիւրին, գործարքի ընդհանուր գումարը կը կազմէ 100 միլիոն տոլար: Հրասայլերու արդիականացումը պիտի աւարտի 2015 թուականին, սակայն առաջին արդիականացած խումբը պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ տարեվերջ։
«Պումար Լեպըտի» ընկերութիւնը լեհական ռազմաարդիւնաբերութեան ոլորտի հնագոյն ձեռնարկութիւններէն է: Սպառազինութեան արտադրութեամբ կը զբաղի 1938 թուականէն:
Razm.Info-ի մեկնաբան Գարիկ Յարութիւնեանի համաձայն, արդիականացումէն ետք հայկական հրասայլերը իրենց հզօրութեամբ պիտի հաւասարին ռուսական արտադրութեան «T-90» հրասայլերուն:
«PT-72»ի դէպքում աւելացուած է, օրինակ, դինամիկ զրահ, արդիականացուել է շարժիչը՝ դրուել է նոր շարժիչ, փոխուել են նաեւ կապի սարքաւորումները: Փոխուել են դիտման սարքերը, տեղադրուել են տեսախցիկներ: Եւս մի քանի սարքեր են տեղադրուել: Կրակի կառավարման համակարգը նոյնպէս փոխուել է», բացատրած է Յարութիւնեան:
«T-90» հրասայլերուն հետ բաղդատական կատարելը պարզ զուգադիպութիւն չէ: Այս ամրան յստակացաւ, որ ՀԱՊԿ գծով Հայաստանի դաշնակիցը նկատուող Ռուսիան մօտ 4 միլիառ տոլարի սպառազինութեան վաճառքի համաձայնութիւն ունի Ատրպէյճանի հետ եւ այդ ծիրին մէջ Պաքուին արդէն իսկ մատակարարած է յարձակողական արժէք ներկայացնող մեծաքանակ ռազմական սարքեր, որոնց կարգին՝ 94 «T-90C» տիպի հրասայլեր:
Ուշագրաւ է, որ Հայաստան հրասայլերու արդիականացման համաձայնագիր կը կնքէ ՆԱԹՕի անդամ Լեհաստանի հետ. յատկանշական է յատկապէս ներդրուած գումարը՝ 100 միլիոն տոլար:
Մինչ այդ, նախորդ ամիսներուն Հայաստան համաձայնութիւններ կնքեց նաեւ ՆԱԹՕի անդամ այլ երկիրներու՝ Միացեալ Նահանգներու, Իտալիոյ եւ Յունաստանի հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ՆԱԹՕի բաժինի նախկին ղեկավար Մարթա Այվազեանի համաձայն, թէեւ կարելի չէ ըսել, թէ գործարքը նոր մակարդակի կը տեղափոխէ ՆԱԹՕի ու արեւմտեան երկիրներու հետ Հայաստանի ռազմաքաղաքական համագործակցութիւնը, այդուհանդերձ, այսպիսով՝ «ի ցոյց է դրւում, որ մենք այդ համագործակցութիւնը շարունակելու ենք»:
«Պարզ է, որ մարտահրաւէր է նետուել Ադրբեջանի կողմից եւ հայկական կողմը պատասխանում է Բաքուին», «Ազատութիւն» կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար, զօր. Վաղարշակ Յարութիւնեանը՝ շարունակելով. «Բնական է, որպէսզի մենք մեծ ծախսեր չանենք, նոր տեխնիկայ ձեռք չբերենք, աւելի քիչ ծախսերով մենք բերում ենք մեր տանկերը նոյն հզօրութեան, ինչ որ, հնարաւոր է, ունեն Ադրբեջանում: ՆԱՏՕի անդամ շատ պետութիւնների հետ համագործակցում ենք. դա բնական է, դա նորմալ է, դա ուժեղացնում է մեր պաշտպանութիւնը»: