Սեպտեմբերի 21-ին, Երեւանի «Մարիոթ» հիւրանոցին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայ Ոսկերիչներու Համաշխարհային Միութեան (AJA) առաջին համաշխարհային ցուցահանդէսին, ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի:

Հանդիսաւոր բացման ներկայ գտնուեցան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը եւ տնտեսութեան  նախարար Տիգրան Դաւթեանը:
Անդրանիկ ցուցահանդէսին մասնակցեցան  հայազգի ոսկերիչներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Ներկայացուած էին հայ վարպետներու թանկարժէք ոսկերչական աշխատանքներ, որոնք միեւնոյն ժամանակ արուեստի  թան-կագին ու բարձրարժէք նմուշներ էին:
AJA ցուցահանդէսին մասնակցեցան  նաեւ հայաստանեան ոսկերչական ընկերութիւններ:
Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս պիտի կազմակերպուի նաեւ «AJA-ի դերը եւ Հայաստանի ոսկերչական արդիւնաբերութիւնը միջազգային ոսկերչական հանրութեան մէջ համարկուելու համար» խորագրով համաժողովը, ուր ընկերութիւններու ներկայացուցիչները պիտի քննարկեն ՀՀ նախագահի հաւանութեան արժանացած` Հայաստանի մէջ ստեղծուելիք Ազատ Տնտեսական Գօտիներու մէջ ոսկերչական ընկերութիւներու ներգրաւուածութեան մասին: