
ԵԽԽՎ ղեկավար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յոյս յայտնած է, որ Քազանի մէջ կայանալիք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման իբրեւ արդիւնք համաձայնագիր պիտի ստորագրուի:
«Յոյս ունիմ, որ Քազանի մէջ կայանալիք, նախագահներու հանդիպման ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ համաձայնագիր պիտի ստորագրուի: Հանդիպման պիտի նախագահէ Ռուսաստանի նախագահ Մետվետեւը: Ոչ ոք չի կրնար ուրախ ըլլալ , եթէ համաձայնութիւն չստորագրուի: Այս ծիրէն ներս , մենք ուրախ ենք արձանագրուած յառաջընթացով»,- ըսած է ԵԽԽՎ թուրք ղեկավարը, որ նաեւ յայտարարած է, թէ կառոյցի ղարաբաղեան են-թակոմիտէն ընդունած է բանաձեւեր, երաշխաւորագիրներ ու զեկոյցներ: «Խորհրդաժողովի որոշումները չեն կրնար բաւարարել բոլորին : Մենք վճռակամ ենք, որ այդ երաշխաւորագիրներն ու բանաձեւերը ի կատար պիտի ածուին»,- շեշտած է Չաւուշօղլու:
Ան կարծիք յայտնած է, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները էականօրէն կապուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու Քազանի հանդիպման արդիւնքներուն հետ:
Սթրազպուրկի մէջ երէկ հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին Չաւուշօղլու անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօք տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ Թուրքիան պիտի վաւերացնէ՞ հայ-թրքական արձանագրութիւնները, ըսաւ թէ «Թուրքիան ունի որոշակի պայմաններ, ինչի մասին Թուրքիայի վարչապետը մի քանի անգամ մեկնաբանութիւններ կատարած է: Եւ եթէ այդ պայմանները կատարուին, կը կարծեմ, որ (հայ-թրքական) արձանագրութիւնները կը վաւերացուին խորհրդարանէն ներս»:
ԸՍՏ ՊՐԱՅԶԱՅԻ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԸ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ Է
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, Ատըրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մաթիու Պրայզա Քազանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին արդիւնքները նախատեսելը դժուար նկատած է:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները այս փաստը աւելի լաւ կը հասկնան, սակայն մենք կրնանք ենթադրել, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները որոշակի տեղեկութիւններ ունին: Մէկ բան ակնյայտ է, որ բանակցութիւններուն մէջ խորամանկութիւններ չկան, քննարկումները լուրջ են եւ վերջին շրջանին զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է», ըսած է ան:
Պրայզա նշած է, որ տագնապի գօտիին մէջ խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը բանակցութիւններու օրակարգին վրայ եղող հարցերէն է:
Քազանի Մէջ կայանալիք Հանդիպումը
Ղարաբաղեան Հիմնախնդիրի Խաղաղ
Կարգաւորման Վերջին Հնարաւորութիւնն է. «Զաման»
25 Յունիսին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Քազանի մէջ կայանալիք հանդիպումը ղարաբաղեան հիմնախնդիրը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու վերջին հնարաւորութիւնն ու յոյսն է: Այս մասին կը գրէ թրքական «Զաման» օրաթերթի յօդուածագիր Ֆիքրեթ Էրթան:
«Հայ-իրանական յարաբերութիւններն ու Քազանեան գագաթնաժողովը» խորագիրով յօդուածին մէջ Ֆիքրեթ Էրթան կþանդրադառնայ հայ-իրանական յարաբերութիւններուն, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի՝ հայաստանեան այցի յետաձգման պատճառներուն, Թեհրանի դիրքորոշման ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին եւ 25 Յունիսին Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդներու միջեւ Քազանի մէջ կայանալիք հանդիպման:
«Մեր հարեւաններու Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները, որոնք կարելի է բնութագրել ուժեղ, սերտ եւ խորքային, կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ: Այդ յարաբերութիւններն առաւել բարձր մակարդակի հասցնելու համար երկու երկիրներու առաջնորդները կþիրականացնեն փոխադարձ այցեր, դէմառդէմ հանդիպումներ: Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժադը վերջերս պէտք է այցելէր Հայաստան: Սակայն 6 Յունիսին նախատեսուած այցը վերջին պահուն չեղեալ յայտարարուեցաւ, որուն պատճառներու մասին առայժմ այնքան ալ յստակ տեղեկութիւն չկայ»,- կը գրէ թուրք յօդուածագիրը՝ աւելցնելով. «այցի չեղեալ յայտարարման պատճառներուն մասին Հայաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Արմէն Արզումանեան յայտարարեց, թէ Մահմուտ Ահմատինեժատի այցը Հայաստան յետաձգուած է կողմերու փոխադարձ համաձայնութեամբ, եւ անիկա պիտի իրականացուի առաւել յարմար ժամկէտներուն: Իսկ Ահմատինեժատի մամուլի քարտուղար Հասան Սալիհին յայտարարեց, որ այցը յետաձգուած է փաստաթուղթերու պատրաստ չþըլլալուն պատճառով, որոնք պէտք է ստորագրուէին հայկական կողմին հետ այցին ընթացքին: Իսկ թէ ի՞նչ փաստաթուղթեր էին անոնք, ի՞նչ բովանդակութիւն ունէին, յայտնի չէ»:
Ֆիքրեթ Էրթան կը գրէ, որ թեմայի առնչութեամբ քննարկումները կþիրականացուին միայն ենթադրութիւններու հիման վրայ:
«Յատկապէս հայ փորձագէտներն ու վերլուծաբանները այնքան ալ գոհ չեն իրանական կողմի յայտարարութենէն: Անոնցմէ ոմանք կը կարծեն, թէ Ահմատինեժատ իր ներքին խնդիրներուն պատճառով չի կրնար դուրս ելել երկրէն նոյնիսկ մէկ օրով, ոմանք ալ այն կարծիքին են, թէ Երեւանը ժամանակ պահանջած է՝ պատասխանելու այն հարցերուն, որոնք Ահմատինեժատի այցին ընթացքին պիտի ներկայացնէր հայակական կողմին: Իսկ թէ ի՞նչ թեմաներ են անոնք, առայժմ նոյնպէս յայտնի չեն: Ոմանց կարծիքով՝ անոնք կապուած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի հետ: Միւսներն ալ կը գտնեն, թէ Իրան անհանգստացած է 25 Յունիսին Քազանի մէջ կայանալիք հանդիպումէն ետք սպասուող նոր զարգացումներու առնչութեամբ: Այդ պատճառով հանդիպումէն առաջ որոշ պահանջներ ներկայացուցած է հայկական կողմին»,- կը գրէ «Զաման»ի յօդուածագիրը՝ ընդգծելով. «ենթադրութիւնները գլխաւորաբար կը կառուցուին այն հարցի շուրջ, թէ Իրան կողմ է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գոյավիճակի պահպանման՝ կարծելով, որ անոր վերացումը բացասաբար պիտի ազդէ տարածաշրջանի մէջ իր կշիռի եւ դերակատարութեան վրայ: Նաեւ, Իրան դէմ է Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից շրջաններու մէջ խաղաղապահ զօրախումբի հնարաւոր տեղակայման, ուր կþենթադրուի՝ տեղ պիտի զբաղեցնեն ամերիկեան կամ ՆԱԹՕ-ի ուժերը: Իրան բազմիցս յայտարարած է, որ խնդիրի վերջնական լուծման պարագային չի ցանկանար տարածաշրջանի մէջ տեսնել արեւմտեան ուժերէն կազմուած խաղաղապահ զօրախումբ: Բացի այդ, անձամբ կը ցանկանայ կողմերուն միջեւ ստանձնել միջնորդական առաքելութիւն»:
Անդրադառնալով Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Քազանի մէջ կայանալիք հանդիպման՝ թուրք յօդուածագիրը կը գրէ, որ այդ մէկը հիմնախնդիրի կարգաւորման վերջին հնարաւորութիւնն է:
«25 Յունիսին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն միջեւ Քազանի մէջ պիտի կայանայ հանդիպում, որուն ժամանակ պիտի քննարկուի ղարաբաղեան հիմնախնդիրը: Այդ հանդիպումը կը դիտուի իբրեւ վերջին հնարաւորութիւն հիմնախնդիրի կարգաւորման հարցով համաձայնութիւն ձեռք բերելու համար: Նոյնիսկ Ալիեւը հարցին այդպէս կը մօտենայ… Սակայն նախապէս շատ դժուար է ըսել՝ հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք կը բերուի՞ հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ, թէ՝ ոչ: Սակայն այդ հանդիպումը, հաւանաբար, կարելի է դիտել իբրեւ խնդիրի խաղաղ կարգաւորման վերջին հնարաւորութիւն եւ վերջին յոյս»,- կը գրէ «Զաման»ի յօդուածագիր Ֆիքրեթ Էրթան:
Ըստ Սեմնեպիի՝ հայ-թրքական
յարաբերութիւնները
պէտք չէ կապել Արցախի հարցին
Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած Լեռնային Ղարաբաղի հարցով լսումներուն ընթացքին, Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան նախկին յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպի ըսած է. «Ռուսիա մեծ ազդեցութիւն ունի Հարաւային Կովկասի մէջ եւ կրնայ մեծ ներդրում ունենալ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ, յատկապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով»։
Ան նաեւ յայտնած է, թէ Ռուսիա մեծ աշխուժութիւն սկսած է ցուցաբերել 2008ին Վրաստանի հետ պատերազմէն ետք: «Ռուսիա կը տեսնէ տարածաշրջանին մէջ զարգացումները վերահսկելիութենէ դուրս գալու կանխման անհրաժեշտութիւնը», ըսած է Փ. Սեմնեպի՝ ընդգծելով, որ տարածաշրջանին մէջ պատերազմի բռնկումը վնասակար պիտի ըլլայ ե՛ւ կողմերուն, ե՛ւ Ռուսիոյ, ե՛ւ Եւրոպայի համար:
Անդրադառնալով տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ դերին՝ Սեմնեպի նշած է, որ Թուրքիան, հասկնալի պատճառներով, մեծ դեր չէ խաղացած ԼՂՀ հակամարտութեան լուծման գործին մէջ: «Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի դադրեցման պատճառը, կը կարծեմ, բոլորս ալ կը հասկնանք՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնն ու այս հարցով Թուրքիոյ դիրքորոշումն է: Հայ-թրքական յարաբերութիւնները պէտք է ընթանան սեփական հունով՝ անկախ ԼՂ խնդիրէն: