Վիլնիուսի Մէջ. Նախագահ Սարգսեան Եւրոպական Երկիրներէն Կ՛ակնկալէ Լիարժէք Ներգրաւում՝ Թուրքիոյ Կողմէ Հայաստանի Շրջափակման Վերացման Հարցին Մէջ

Անցնող շաբաթավերջին Վիլնիուսի մէջ կայացաւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովը, որուն մասնակցեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

Ան իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի հնգամեայ պատմութիւնը կը վկայէ այս ձեւաչափի անհրաժեշտութեան եւ կենսունակութեան մասին: «Անիկա արդիւնաւէտ կերպով կը համալրէ համաեւրոպական համագործակցութեան ճարտարապետութիւնը՝ կարելիութիւն ընձեռելով եւրոպական ընդհանուր արժէքներու հիման վրայ որակապէս նոր, յաւելեալ սերտ եւ ընդլայնուած յարաբերութիւններ կառուցելու համար: Այդպիսի յարաբերութիւններու ձեւաւորումը Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի հոգեւոր-մշակութային եւ պատմաքաղաքական ժառանգութեան կանչն է, մեր հասարակութեան՝ գիտակցուած պահանջարկը», յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ «Արեւելեան գործընկերութիւնը կարելիութիւն տուաւ նոր թափ հաղորդելու ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքներուն հիման վրայ մեր պետութեան եւ հասարակութեան արդիականացման ուղղուած ջանքերուն: Անիկա խթանեց մեր լայնածաւալ բարեփոխումներու օրակարգը: Իբրեւ չափելի արդիւնք պիտի նշեմ ընդամէնը վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երեք մեծ ընտրական հոլովոյթները, որոնք նոր նշաձող սահմանեցին այս մարզին մէջ‘ էապէս ամրապնդելով Հայաստանի ընտրական համակարգը»:

«Մեր գլխաւոր նպատակն է Եւրոպական Միութեան հետ ձեւաւորել այնպիսի գործուն կառուցակարգեր, որոնք մէկ կողմէ կ՛արտացոլեն մեր ընկերային-քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու խորքային բնոյթը, միւս կողմէ՝ համատեղելի են համագործակցութեան այլ ձեւաչափերու հետ: Արեւելեան գործընկերութիւնը պէտք է բնական կամուրջ դառնայ‘ տարածելով տնտեսական համարկումը Ատլանտեանէն մինչեւ Խաղաղ ովկիանոս: Այս իմաստով մենք յանձնառու ենք հետեւողական ջանքեր գործադրելու աւելի ընդգրկուն, բաժանարար գիծերէ զերծ Եւրոպա կառուցելու ուղղութեամբ», նշեց նախագահ Սարգըսեան:

Ան աւելցուց, որ «նոյնինքն այս գիտակցութեամբ մենք կ՛առաջնորդուինք մեր արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ եւ մեր դրացիներուն հետ խնդիրները կը փորձենք լուծել նոյնինքն այդ սկզբունքով՝ փորձելով Եւրոպայի մէջ յաջողած հաշտեցման փորձը տեղայնացնել նաեւ մեր շրջանին մէջ: Կը կարծեմ, որ եւրոպական արժէքներու հետեւողական որդեգրումը կրնայ օգնել Թուրքիոյ սեփական անցեալին հետ հաշտուելու հարցին մէջ: Այսօր հազարաւոր թուրքեր կը դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը կանգնին մեր կողքին՝ յարգելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Կը կարծեմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է կարենան կամք ցուցաբերել եւ հրաժարիլ ժխտողական քաղաքականութենէն: Եւրոպական Միութեան հետ համարկումը իբրեւ եւրոպական երկիր շարունակելու հարցին մէջ Թուրքիոյ առջեւ տակաւին կը շարունակեն ծառացած մնալ Եւրոպայի վերջին փակ սահմանը բանալու եւ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մարտահրաւէրները: Եւրոպական Միութեան անդամ-պետութիւններէն՝ իբրեւ մեր գործընկերներէն, մենք կ՛ակնկալենք Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի ապօրինի շրջափակման վերացման հարցին մէջ լիարժէք ներգրաւում եւ հետեւողականութիւն»:

Յայտնենք, որ վեհաժողովին ծիրին մէջ հրապարակուեցաւ Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն միացեալ յայտարարութիւն, զոր կու տանք ստորեւ.-

Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ
Եւրոպական Միութեան Միջեւ
Միացեալ Յայտարարութիւն

(Վիլնիուս, 29 Նոյեմբեր 2013)

Եւրոպական Միութիւնն ու Հայաստանը ունեն սերտ կապեր եւ վերահաստատում են իրենց յանձնառութիւնը աւելի զարգացնել եւ ամրապնդել Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներում փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներում համապարփակ համագործակցութիւնը:

Յենուելով ընդհանուր արժէքների վրայ, երկու կողմերը յանձնառու են զարգացնել համագործակցութիւնը՝ ուղղուած ժողովրդավարական հաստատութիւնների եւ դատական համակարգի շարունակական բարելաւմանը, մարդու իրաւունքների եւ օրէնքի գերակայութեան խթանմանը, արդիւնաւէտ կառավարմանը, փտածութեան դէմ պայքարին, քաղաքացիական հասարակութեան ամրապնդմանը, առեւտրի ու ներդրումների ընդլայնման համար միջավայրի հետագայ կատարելագործմանը, շարժունակութեան գործընկերութեան շարունակական իրականացմանը եւ ոլորտային համագործակցութեան ընդլայնմանը:

Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը շեշտում են իրենց ընդհանուր ձգտումը համագործակցութեան գործող շրջանակի հիման վրայ երկկողմ յարաբերութիւնների հիմքին անդրադառնալու կարեւորութիւնը:

Եւրոպական Միութիւնն ու Հայաստանը արձանագրում են, որ աւարտել են Ընկերակցութեան համաձայնագրի, այդ թւում Խորը եւ համապարփակ ազատ առեւտրի գօտու շուրջ բանակցութիւնները, սակայն, չեն նախաստորագրելու այն, քանի որ Հայաստանն ունի նոր միջազգային յանձնառութիւններ:

Կողմերը համաձայն են, որ անհրաժեշտ է արդիականացնել Եւրոպական Միութիւն -Հայաստան Եւրոպական  հարեւանութեան քաղաքականութեան գործողութիւնների ծրագիրը: