Միացեալ Նահանգներ այցելող ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է   հայկական կազմակերպութիւններու եւ հայկական հանրային շըրջանակներու հետ:

Այցելութիւն տրուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան կենտրոնակայանը, ինչպէս եւ հանդիպում տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը դարձան Արցախի տագնապին լուծում գտնելու հոլովոյթին առնչուող շարք մը հարցեր: Քննուեցան նաեւ Սփիւռքի եւ Արցախի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարելիութիւնները, Արցախի պետականութիւնը ամրապնդելու միջոցները: