ԵՂԲԱՅՐԱՑՈՒՄ՝ ԲԵՐՁՈՐԻ ՀԵՏ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ Սան Պեռնարտինօ գաւառին մէջ գտնուող Հայլենտ քաղաքը եւս պաշտօնապէս ճանչցած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, միաժամանակ՝ Բերձորի հետ քոյր քաղաք դառնալու մասին հռչակագիր վաւերացուցած է Նոյեմբեր 26ին:

Հայլենտի քաղաքապետական խորհուրդը յոյս յայտնած է, որ այս համաձայնութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ սերտ յարաբերութիւններ հաստատել քաղաքին ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Բերձոր քաղաքին միջեւ:

Քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ նախապէս վաւերացուած մէկ այլ հռչակագիրով, Հայլենտ քաղաքը յայտարարած էր, թէ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ նախագահին, որ աջակցին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին ու անոր ժողովրդավար անկախութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ Արցախը ներգրաւել կառուցողական միջազգային հանրութեան ջանքերուն՝ հասնելու համար ռազմավարական կարեւոր այդ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման եւ հակամարտութեան արդար եւ երկարատեւ լուծման:

Յիշեցնենք, թէ այս տարուան Ապրիլ 10ին, Միացեալ Նահանգներու Մէյն նահանգը ճանչցած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը, նոյնպէս՝ Ապրիլ 23ին, Քալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ գաւառի   խորհուրդը ճանչցած էր Ղարաբաղի անկախութիւնը: