Հայաստանի անկախութեան 20-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւններուն առիթով Հայաստան ժամանածներու շարքին էր նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի փոխ նախագահ Լիպոր Ռոուչեքի պատուիրակութիւնը:

Պաշտօնական արարողութիւններուն  մասնակցելէ ետք, ան յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին՝ այցելելով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանի հետ հիւրերը շրջեցան յուշահամալիրի տարածքով եւ ծաղիկներ զետեղեցին 1915-ի Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին:

 

Այցելութիւն՝ Դաշնակցութեան կեդրոնը

Լիպոր Ռոուչեք այցելեց նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնը եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ ներկայացուցիչներու հետ:
Եւրոպական խորհրդարանի ընկերվարականներու եւ դեմոկրատներու յառաջդիմական  դաշինքի խմբակցութեան  ղեկավարը՝ Դաշնակցութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ Վահան Յովհաննիսեանի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեանի, Հայաստանի ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան անդամներ Արա Նռանեանի (նաեւ ՀՅԴ ՀԳՄի անդամ) ու Լիլիթ Գալստեանի, Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ ու «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի տնօրէն Մարիա Թիթիզեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի, Ընտրական իրաւունքի պաշտպանութեան («Քուէն Ուժ է») հասարակական շարժման համակարգող խորհուրդի անդամ Նելլի Բաղդասարեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին Ռոուչեքի ներկայաց-ւեցան ՀՅԴի մօտեցումները՝ Հայաստանի  Հանրապետութեան տնտեսական եւ ընկերային խնդիրներու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ Արցախեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հաստատման կապակցութեամբ:
Քննարկուեցան նաեւ ՀՀ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան եւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ընկերվարականներու ու դեմոկրատներու յառաջդիմական դաշինքի խմբակցութեանց համագործակցութեան հնարաւորութիւնները: