Պուէնոս Այրեսի մէջ արժանթինահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելով, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարեց, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ բանակցային հոլովոյթը կը շարունակուի,

եւ ես կ՛ուզեմ վստահեցնել ձեզի, որ անկախ դրացի Ատրպէյճանի կողմէ հնչող ռազմատենչ յայտարարութիւններէն եւ սպառնալիքներէն՝ մենք ամէն ինչ պիտի ընենք՝ հասնելու Արցախի հարցի հայանպաստ լուծման»:

«Ատոր բոլոր նախադրեալները կան՝ ի դէմս հայկական իշխանութիւններու քաղաքական կամքին, հայկական մարտունակ զինեալ ուժերուն եւ միջազգային հանրութեան մէջ աստիճանաբար գերակայ դարձող այն համոզումին, որ Լեռնային Ղարաբաղը չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ», աւելցուց Աբրահամեան:

Ընդգծելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հայանպաստ լուծումը ներկայիս համայն հայութիւնը յուզող խնդիրներէն է, Ազգային ժողովի նախագահը յայտարարեց. «Հայաստան Արցախ - սփիւռք եռամիասնութեամբ հայ ժողովուրդը առաւել քան հզօր է եւ աւելի արդիւնաւէտ կրնայ իրականացնել իր համազգային ծրագիրները»:

«Համոզուած եմ, որ մենք բոլորս՝ Հայաստանի թէ Արցախի, Արժանթինի թէ հայաշատ որեւէ այլ երկրի մէջ, միացեալ ուժերով կրնանք աւելի հզօրացնել հայկական երկու պետութիւնները՝ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնները, հզօրացնել հայկական սփիւռքը՝ մէկզմէկու սատարելով եւ թիկունք կանգնելով», ըսաւ Յովիկ Աբրահամեան: