Հ
ՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան օրերս տեղի ունեցած «Հաւաքական անվըտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը եւ անվտանգութեան ժամանակակից մարտահրաւէրները» միջազգային խորհրդաժողովի շրջագիծին մէջ «Արմինֆօ»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ գրեթէ երեք դար հայ քաղաքագիտական միտքը զբաղած է ռուսերուն իրենց ազգային շահերը պարզաբանելով:
Յովհաննիսեանի համաձայն, եկած է ժամանակը դադրելու ատով զբաղելէ եւ կեդրոնանալու ազգային գերակայութիւններու մշակման վրայ՝ ազգային շահերու հիման վրայ: Հայերը «որեւէ իրավիճակի մէջ պէտք է հետապնդեն նոյնինքն այդ շահերը, պնդեն անոնց վրայ, եւ չփորձեն միամտաբար սրբագրել եւրոպացիներու, ռուսերու կամ ամերիկացիներու արտաքին քաղաքական գործունէութիւնը, քանի որ միջազգային ասպարէզին մէջ Հայաստանի կշիռը բաւական չէ, որպէսզի զայն լսեն»:
Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Ռուսիա վիթխարի երկիր է՝ կայսերական անցեալով, դաշնակցային կառուցուածքով եւ մեծ խնդիրներ ունեցող տնտեսութեամբ, այդ իսկ պատճառով ալ բազմաթիւ կենսական շրջանային հարցեր, որոնք Հայաստանի համար առաջնային կարեւորութիւն ունին, Ռուսիոյ մէջ կ՛ընկալուին իբրեւ ոչ էական, ծայրամասային եւ երկրորդական: «Չտեսնել ուղիղ կամրջակ այսօր Մեծն Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ այն վտանգին միջեւ, որ բոյն դրած է Ռուսիոյ մէջ, ատիկա պարզ անհեռատեսութիւն է: Ամենայն հաւանականութեամբ, Ռուսիոյ քաղաքագիտական միտքը չի տեսներ շրջանային մարտահրաւէրներուն եւ երկրին մէջ ապահամարկումի հոլովոյթներուն միջեւ կապը, որ յստակօրէն կ՛ուրուագծուի ազգայնական անջատողական շարժումներու եւ յատկապէս այն շարժումներուն միջոցով, որոնք կը սնուցուին ահաբեկչական խմբակներու միջոցով», ըսաւ Յովհաննիսեան:
Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս նշեց Յովհաննիսեան, «վաղուց ժամանակն է, որ Հայաստան ինքնիրմով զբաղի»: «Մեր երկրի նշանակութիւնը համաշխարհային քաղաքական ասպարէզին մէջ դժբախտաբար անկախութեան երկուքէ աւելի տասնամեակին ընթացքին ոչ միայն չէ աւելցած, այլեւ ընդհակառակն՝ նուազած է: Մենք չենք օգտագործած այն ժամանակահատուածը, երբ աւելի նշանակալի էինք, յատկապէս ղարաբաղեան պատերազմէն եւ զինադադարի կնքումէն ետք: Այդ 20 տարիները մեզի համար միանգամայն անօգուտ դատարկ էին: Այնուհետեւ իրավիճակը սկսաւ վատթարանալ ինչպէս ենթակայական, նոյնպէս ալ առարկայական պատճառներով, սակայն մենք երկիրը ատոր չէինք պատրաստած եւ այժմ կը քաղենք դառն պտուղները», ընդգծեց Յովհաննիսեան:
Այսուհանդերձ, Յովհաննիսեան կը կարծէ, որ իրավիճակը առայժմ անելանելի չէ: «Ելք կայ, թէեւ, եթէ դուն նոյնիսկ յայտնուած ես վատ իրավիճակի մէջ, ապա ատոր յաղթահարման ժամանակ կորուստներ կրնան ըլլալ, հաւանական են նաեւ զոհեր, սակայն պէտք է ընել այնպէս, որ այդ զոհերը չըլլան ճակատագրական, որպէսզի անոնց իբրեւ արդիւնք չկորսնցնենք պետականութիւնն ու ամբողջ բնակչութիւնը: Դժբախտաբար, առաժմ չ՛ուրուագծուիր այն հայեցակարգը, թէ ինչպէ՛ս ատիկա պէտք է ընել, եւ Հայաստանի կառավարութեան գործունէութիւնը կ՛ընթանայ այդ վտանգը չգիտակցելու խորապատկերին վրայ»: