Ի ՆՊԱՍՏ ՎԵՐԱՐՏԱԴՐՈՂԱԿԱՆ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՏԻԿՆՈՋ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

«ԱՐԱԳԻԼ» վերարտադրողական բժշկութեան աջակցութեան հիմնադրամէն կը տեղեկանանք թէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի տիկին Ռիթա Սարգսեան ազգային համախմբման կոչ մը յայտարարեց՝

առաջարկելով կեդրոնացնել համայն հայութեան ջանքերը եւ աջակցութիւն ցուցաբերել այն ընտանիքներուն, որոնք կը զգան վերարտադրողական բժշկութեան կարիքը. «Հորդորում եմ աշխարհասփիւռ հայութեան բոլոր ներկայացուցիչներին եւ բարի կամքի բոլոր մարդկանց միաւորել իրենց ջանքերը, որպէսզի հնարաւոր լինի երեխայ ունենալու բախտ պարգեւել խնդիրներ ունեցող հայ ընտանիքներին: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ մենք պէտք է վճռական կրկնենք Պարոյր Սեւակի խօսքերը՝ կա՛նք, պիտի՛ լինենք ու դեռ շատանա՛նք: Մենք դա պիտի անենք ոչ միայն խօսքով, այլեւ յստակ գործով»:

Հայաստանի մէջ կան բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք ստիպուած են մտածել, թէ երեխայի ծնունդը անոնց համար լոկ անհասանելի երազանք է: Անպտղութիւնը այդպիսով մթագնում շատ հայկական օջախներու ընտանեկան երջանկութիւնը: Շատ պարագաներու այն անգամ կարող է յանգեցնել այդ խնդրին բախուած ընտանիքներու քայքայման: Սակայն ժամանակակից բժշկական գիտութեան ձեռքբերումները թոյլ կուտան օգնել նման ընտանիքներուն եւ երեխայ ունենալու բախտ պարգեւել անոնց:

Այս առումով խիստ ուրախալի են Հայաստանի մէջ վերարտադրողական բժշկութեան զարգացման յաջողութիւնները: Այժմ մեր հայրենիքի մէջ առկայ են բոլոր հնարաւորութիւնները, որպէսզի անհրաժեշտ բուժօգնութիւն տրամադրուի այն ընտանիքներուն, որոնք բախուած են անպտղութեան խնդրին:

Նման որակեալ բուժօգնութիւնը Հայաստանի մէջ շատ աւելի մատչելի է, քան արատասահմանի մէջ: Այնուամենայնիւ, այդ ընտանիքներէն շատերու համար այդպիսի ծառայութիւնները ֆինանսապէս հասանելի չեն: «Արագիլ» հիմնադրամի շուրջ համախմբուած բոլոր հայորդիները համոզուած են, որ նման ընտանիքներուն կարելի չէ լքել մինակ իրենց դժուարութեան մէջ:

«Սա այն հարցն է, որի շուրջ անհրաժեշտ է ազգային համախմբում: Ինչպէս մի կաթիլ ջրի մէջ օվկիանոս է արտացոլւում, այդպէս էլ իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի մէջ արտացոլւում է ամբողջ մեր ազգը: Մենք պէտք է օժանդակութիւն ցուցաբերենք ցանկացած զոյգի, որն ունի ծնող դառնալու ցանկութիւն», - համոզուած է տիկին Ռիթա Սարգսեան:

«ԱՐԱԳԻԼ» վերարտադրողական բժշկութեան աջակցութեան հիմնադրամը շահոյթ ստանալու նպատակ չհետապնդող կազմակերպութիւն է, որը հիմնադրուած է 2011թ-ին: Հիմնադրամի նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի ժողովրդագրական խնդիրներու լուծման եւ վերարտադրողական բժշկութեան կազմակերպումը: Հիմնադրամը կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի տիկնոջ՝ Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանիին տակ: