18րդ անգամն ըլլալով, Աւստրիոյ մէջ, իրարու հանդիպեցան ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատըրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

Մօտ երկու տարուայ դադարէ յետոյ, երկու երկիրներու նախագահներու առաջին հանդիպումն էր այս, որու մասին ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները ԼՂՀ հակամարտութեան կարգաւորման նոր դիրքորոշումներու յստակացում կ'ակնկալէին:

Յիշեցնենք, որ նախորդ հանդիպումը կայացած էր 2012ի Յունուար 23ին, Սոչիի մէջ, Ռուսաստանի նախագահի միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ: Հանդիպումէն յետոյ որոշում կայացած էր շարունակել բանակցութիւնները՝ ձեռք բեր- ւած սկզբունքներու եւ պայմանաւորուածութիւններու հիմամբ, այսուհանդերձ Ատրպէյճանը ամբողջ տարուան ընթացքին երբեք չպահպանեց պայմանաւոր- ւածութիւնը: Նախ, տարուան մէջ բազմաթիւ անգամներ խախտեց հրադադարը, իսկ Սեպտեմբերին ատրպէյճանա-հունգարական պայմանաւորուածութեան բերումով՝ ազատ արձակել տուաւ եւ իր երկրին մէջ հերոսական ընդունելութեամբ դիմաւերց հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի ոճրասպան Ռամիլ Սաֆարովը: Այդ դէպքէն ետք բանակցութիւնները մտան փակուղի:

Երկու նախագահներու հանդիպումէն ետք համանախագահները հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեցին, թէ նախագահները համաձայնած են թափ հաղորդել հետագայ բանակցութիւններուն եւ շարունակել ջանքերը:

 

 Ճոն Քերի զրուցած է Ս. Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ 

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, ներգրաւուած ըլլալով ԼՂՀ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ, պիտի շարունակեն ջանքեր գործադրել կարգաւորման գործընթացը առաջ մղելու համար:

«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ թէ այս հարցի մասին Ուաշինկթընի մէջ խօսած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ իր հանդիպումէն յետոյ: Ան աւելցուցած է թէ «Ես խօսած եմ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ վերջին 48 ժամուան, կամ կարծեմ՝ 72 ժամուայ մէջ, նախքան իրենց հանդիպումը: Մենք կոչ կ'ուղղենք առաջ տանել գործընթացը եւ մենք պիտի շարունակենք ներգրաւուած մնալ այս հարցին մէջ» ըսած է Ճոն Քերի: