«Պահը հասած է, որպէսզի հայ-յունական համագործակցութիւնը ընդլայնի՝ ռազմական-քաղաքական բնագաւառներէն ներս» հաստատեց Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոս, Հայաստանի իր պաշտօնակից Սէյրան Օհանեանին ի պատիւ տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթին ընթացքին

Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ, Երեքշաբթի 19 եւ Չորեքշաբթի 20 Նոյեմբերին, Յունաստան կ'այցելէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի  գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի հրաւէրին ընդառաջելով:

Հայ-յունական պաշտպանական համագործակցութիւնը արագօրէն կը զարգանայ, հիմնուելով փոխադարձ հասկացողութեան եւ յարգանքի սկզբունքներուն վրայ: Յիշեցնենք, որ մօտ ամիս մը առաջ էր, երբ Երեւան այցելեց Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը, իսկ կարճ ժամանակ առաջ նախորդած էր Յունաստանի Ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր շտապի պետ զօրավար Միխայիլ Գոսթարաքոսի այցը Հայաստան:

Երէկ երեկոյեան, Աթէնքի մէջ, Սպայից Տան սրահէն ներս, պաշտօնական ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ ի պատիւ Հայաստանէն ժամանած բարձրաստիճան հիւրին:

Նախարար Սէյրան Օհանեանի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն առաջին փոխ նախարար Դաւիթ Տօնոյեան նախարարի գլխաւոր խորհըրդական Բաբգէն Վարդանեան, ռազմաօդային ուժերու գլխաւոր շտապի պետի տեղակալ զօրավար (գեներալ - լէյտենանտ) Ստեփան Գալստեան, նախարարի երեք աշխատակիցներ: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին կÿընկերանան նաեւ Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան եւ Յունաստանի մօտ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամվէլ Ռամազեան:

Նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոս բարի գալուստի խօսքերով դիմեց ներկաներուն, յայտնելով թէ պահը հասած է, որպէսզի հայ-յունական համագործակցութիւնը ընդլայնի՝ ռազմական-քաղաքական բնագաւառներէն ներս: Ան ջերմ խօսքերով արտայայտուեցաւ հայ-յունական յարաբերութիւններու, պաշտպանական համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն մասին:

Իր կարգին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան մասին, անդրադառնալով պատմական ճակատագրական պահերուն, որ նման էին երկու ազգերուն համար:  

Պաշտօնական ընթրիքը ընթացաւ սերտ մթնոլորտի մէջ: Ներկայ էին Յունաստանի պաշտպանութեան փոխ նախարար Աթանասիոս Տաւաքիս, Ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր շտապի պետ զօրավար Միխայիլ Գոսթարաքոս, Ցամաքային Զօրքերու գլխաւոր շտապի պետ գեներալ-լէյտենանտ Աթանասիոս Ցելիոս, ծովային ուժերու գլխաւոր շտապի պետ փոխ ծովակալ Էվանկելոս Ափոսթոլաքիս, օդային ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Էվանկելոս Թուռնաս, եւ երկրի ռազմական համակարգի բարձրապաշտօն ներկայացուցիչներ:

Ընթրիքին հրաւիրուած էին նաեւ հայկական գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչներ, որ առիթը ունեցան մօտէն տեսակցելու երկու նախարարներուն եւ իրենց ընկերակցող պաշտօնատարներուն հետ: Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Տողրամաճեան աղօթքը կատարեց, ապա նաեւ խօսք առաւ Յունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին եւ ընդունելութեան համար:

Այսօր նախատեսուած է նախարար Սէյրան Օհանեանի հանդիպումը Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարասի հետ: Պիտի նախորդէ դափնեպսակի զետեղում Սինտաղմայի Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւ եւ հանդիպում Յունաստանի Ազգային Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս, եւ ճեպազրոյց:

Պատուիրակութիւնը հայրենիք կը մեկնի կէսօրուայ ժամերուն: