ՀՀ Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի եւ Ռուսիոյ Պետդումայի եւրասիական համարկման ու հայրենակիցներու հետ կապերու գծով կոմիտէի համատեղ նիստի աւարտին,

ՀՀ արտաքին գործոց փոխ նախարար Շաւարշ Քոչարեան խօսած է Մաքսային Միութեան Հայաստանի միացման եղանակի մասին, դիտել տալով որ Դեկտեմբեր 19-ին Բարձրագոյն եւրասիական տնտեսական խորհուրդը պիտի հաստատէ Մաքսային միութեան Հայաստանի միանալու «ճանապարհային քարտեսը»:

«Ինտերֆաքս-Արեւմուտք»ը կը հաղորդէ թէ Ռուսիոյ տարածաշրջանային տնտեսական համարկման հարցերով Ռուսիոյ նախագահի խորհրդական Սերգէյ Գլազեւը, ելոյթ ունենալով «Ղրխզիստանն ու Միասնական տնտեսական տարածքը՝ իրավիճակն ու ինտեգրման հեռանկարները» նիւթով Պիշքեկի մէջ տեղի ունեցած գործարար համաժողովին ընթացքին, յայտարարած էր, որ Մաքսային միութեան Հայաստանի եւ Ղրխզիստանի անդամակցութեան թեքնիք բոլոր մանրամասնութիւնները պէտք է մշակուին երկու ամսուան ընթացքին: «Մինչեւ տարեվերջ պատրաստ պիտի ըլլայ Մաքսային միութեան Ղրխզիստանի անդամակցութեան ինտեգրացիոն գործընթացի ճանապարհային քարտեսը»,-ըսած էր ան, աւելցնելով թէ երկու երկիրները նոյնպէս պատրաստ կ'ըլլան նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու համար:

Հայաստանը պատրաստ կþըլլայ միանալու Մաքսային միութեան մինչեւ 2014 թուականի Փետրուար 14-ը, յայտարարեց ԱԳ փոխ նախարար Շաւարշ Քոչարեան: «Կարծում եմ, որ մինչեւ Փետրուար մենք պատրաստ կը լինենք պայմանագիր կնքել Մաքսային միութեան ու Միասնական տնտեսական տարածքին միանալու մասին, ինչպէս նաեւ պատրաստ կը լինենք ներգրաւուել Եւրասիական տնտեսական միութեան գործընթացում»,-ըսաւ ան: