20ամեայ անկախ հանրապետութեան մէջ ապրող մանուկին յանձնէ իւղաներկեր, եւ ան պիտի ընտրէ Եռագոյնի երանգները:
«Հայաստանը դու ես» լուսանկարներու մրցոյթին մասնակից Նուէր Ղազարեանի համար անկախութիւնը արտացոլացած է
Եռագոյնի երանգները ընտրած մանկական հայեացքին մէջ: Այդ լուսանկարն ալ արժանացաւ «Հայաստանը դու ես» լուսանկարներու մրցոյթի առաջին մրցանակին: Երկրորդ մրցանակին արժանացաւ Ռազմիկ Փաշիկեանի լուսանկարը, իսկ երրորդը՝Արման
Ղարաջանեանն է: Երեք լաւագոյն լուսանկարի հեղինակները կը ստանան հաւաստագիր եւ յուշանուէրներ «Հայաստանը դու ես» կարգախօսով: Յատուկ մրցանակ ու հաւաստագիր կը ստանայ նաեւ Ֆէյսպուքի մէջ ամէնէն շատ հաւանութիւն ստացած լուսանկարի հեղինակ Արմէն Ղազարեանը:
ՀՀ Անկախութեան 20րդ տարեդարձին նուիրուած «Հայաստանը դու ես» լուսանկարներու մրցոյթին ներկայացուած էին 214 լուսանկարներ:

