Երեքշաբթի՝ Սեպտեմբեր 20-ին, Հայաստանի անկախութեան 20-րդ տարեդարձին նուիրուած միջոցառումներու ծիրէն ներս բացուեցաւ նաեւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի նոր գիտական համալիրը:

Հիմնադրամը 50 տարիներու ընթացքին Մատենադարանի մէջ կը պահպանէ եւ կÿուսումնասիրէ աւելի քան 14 հազար հայերէն ձեռագիր մատեան, ինչպէս նաեւ 3000-է աւելի օտարալեզու ձեռագրեր:
Մատենադարանի աշխատակիցները լրագրողներուն համար կազմակերպած շրջայցի ընթացքին հպարտութեամբ ցոյց կուտային այն հրաշալի պայմանները, որ ստեղծուած են Մատենադարանի մէջ պահուող գանձերու պահպանման, վերականգման եւ ուսումնասիրութեան համար:
Արթուր Մեսչեանը այս  նոր շէնքի նախագիծը սկսած էր դեռ 1988 թուականին, բայց շինարարութիւնը չէր սկսած Սպիտակի երկրաշարժի պատճառով:
«Կար գլխաւոր նպատակ՝ կառուցել գրագէտ, նոր մասնաշէնք: Նոր մասնաշէնք բառը արդէն նշանակում է, որ կայ գլխաւոր կառոյց եւ, բնականաբար, ճարտարապետութեան գլխաւոր խնդիրն էր այնպէս նախագծել, որ ոչ մի դէպքում նոր մասնաշէնքը չմրցի գլխաւորի հետ, այլ դառնայ ներկայ կառոյցի շարունակութիւնը», - լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ Մեսչեանը:
Նոր կառոյցը՝ իր 2000 հնատիպ գիրքերու գրադարանով, ձեռագրապահոցով, գրա- պահոցով, արխիւային փաստաթուղթերու պահոցով, հարստացած է մէկ նորամուծութեամբ մը եւս՝ յատուկ սարքի վրայ համակարգչային մասնագէտները հնարաւորութիւն ստեղծած են այցելուներու համար թերթել գիրքերու եւ ձեռագրերու թուայնացած տարբերակները: Արդէն իսկ թուայնացած Մատենադարանի ընդհանուր ֆոնտի մօտ 20 տոկոսը:
«Պահոցը ապահովուած է անվտանգութեան ջերմախոնաւային բոլոր չափանիշներով: Մենք կարող ենք այսօր հանգիստ փաստել, որ վերջապէս այն եզակի արժէքները, որոնք մեր ժողովրդի ամենաթանկ արժէքներն են, գտել են իրենց արժանի հանգրուանը: Շուրջ 400 հազար արխիւային փաստաթուղթ է պահւում արխիւային բաժնում, որտեղ քիչ չեն ունիկալ եւ առանձնապէս արժէքաւոր փաստաթղթերը», - ըսաւ Մատենադարանի Փաստաթուղթերու պահպանման, գիտական մշակման եւ թուայնացման բաժնի պետ Արա Խզմալեանը:
Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանն ալ շեշտեց, որ շինարարութեան զուգահեռ Մատենադարանը վերջին տարիներու ընթացքին 1500 ձեռագիր ստացած է՝ հիմնականին մէջ նուիրատուութիւններու միջոցով:
«Դրա հետ միասին Մատենադարանում արագ սերնդափոխութիւն էր կատարւում: Վերջին 3 տարիների ընթացքում մօտ 150 աշխատող է աւելացել Մատենադարանում՝ հիմնական մասը գիտական եւ գիտատեխնիկական անձնակազմերն են: Այս շէնքը կառուցուել է նաեւ ապագայ հայագիտութեան զարգացման համար: Սա միջազգային նշանակութեան կառոյց է, մենք նպատակ ունենք զարգացնել հայագիտութիւնը աշխարհում: Առաջին  հերթին ազդակը պէտք է լինի Հայաստանից, մենք չենք կարող նստել-սպասել, թէ երբ երկնքից մանանա կÿիջնի մեզ համար: Մենք պիտի ամէն օր աշխատենք, եւ այդ  մեղուաջան աշխատանքի շնորհիւ էր, որ Մատենադարանի այս կառոյցը ստեղծուեց»: