Արտաքին աշխարհի հետ կապուածութիւնը ապահովելու, ինչպէս եւ ներքին հեռաւորութիւնները ոչնչացնելու իմաստով նոյնչափ կարեւոր ծրագիր մըն է, այս տարի եւս իրագործելի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի ծրագիրը, որ ուղղուած է Վարդենիս - Մարտակերտ ճանապարհի կառուցման:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Նոյեմբեր 28-ին տեղի ունենալիք «Հեռուստամարաթոն 2013»-ի միջոցները պիտի ուղղուին այդ մայրուղիի կառուցումին, ոը ընկերա-տնտեսական զարգացում ապահովող «շնչերակ» է, իր մէջ կը պարունակէ եւ անվտանգութեան, եւ արժանապատուութեան տարրեր:

Այս մասին՝ խօսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան:

Ան յիշեցուցած է, որ երթեւեկութեան անվտանգութիւնը պետութեան անվտանգութեան համակարգի առանցքային բաղադրամասերէն մէկն է: Ներկայիս Հայաստանը Արցախին կապող միայն մէկ միջազգային չափանիշերու համապատասխանող ճանապարհ կայ՝ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին:

«Բնական է, որ միայն մէկ «շնչերակով» անհնար է ապահովել լիարժէք անվտանգութիւն եւ սոցիալ-տնտեսական զարգացման ուժականութիւնը: Հետեւաբար անհրաժեշտ է կառուցել այլ նմանատիպ մայրուղիներ: Այս ծիրէն ներս չափազանց կարեւոր է Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղին՝ յատկապէս հաշուի առնելով, որ դա պէտք է անցնի Քարվաճառի եւ Շահումեանի շրջաններով, որն, ի հարկէ, ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի»,- ըսած է Բաբայեան՝ աւելցնելով, որ ատով Արցախի հիւսիսն աւելի անմիջական կապ կը ստանայ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ:

Բաբայեանի կարծիքով՝ ապագային անհրաժեշտ պիտի ըլլայ նաեւ երկու հայկական պետութիւններու հարաւային մասերը իրարու կապող միջազգային չափանիշներու համապատասխան նմանատիպ եւս մէկ ճանապարհ կառուցել: «Սա կը լինի այն կմախքը, որի վրայ այնուհետեւ կը ճիւղաւորուեն բազմաթիւ այլ ճանապարհներ»,- նշած է Բաբայեան:

Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի երկարութիւնը մօտ 116 քիլոմեթր պիտի ըլլայ, աշխատանքներուն արժէքը՝ շուրջ 30 միլիոն տոլար:

Ճանապարհի կառուցումը եւ մշտական ճանապարհային հաղորդակցութիւնը իր ուղղակի ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ճանապարհէն մինչեւ երկու տասնեակ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ տարածուող համայնքներու բնակիչներուն ընկերա-տնտեսական կեանքին վրայ: Ճանապարհէն մինչեւ 2-3 քմ. հեռաւորութեան վրայ եղող համայնքներն են՝ Դրմբոնը, Կոճողուտը, Վերին Յոռաթաղը, Վաղուհասը, Հաթերքը, Գետաւանը, Չափարը, Խնկաւանը, Չարեքթարը, Նոր Էրքեջը, Դադիվանքը, Նոր Գետաշէնը, Քնարաւանը, Եղէգնուտը: Շահառու համայնքներու շարքին է նաեւ 5 քմ. եւ աւելի հեռաւորութեան վրայ գտնուող համայնքները, որոնց մէջ՝ Քարվաճառի շրջանի կեդրոնը, Նոր Ղարաչինար, Յարութագոմեր, Զարդախաչ, Համշակ, Չափնի, Չինաւան, Նոր Խարխապուր, Շիկքար, Նոր Բրաջուր, Եղցին, Զովք, Նոր Վերնաշեն, Մշենի, Նոր Մանաշիդ գիւղերը:

Ինչպէս կը նշեն մասնագէտները, կառուցուող ճանապարհին վրայ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ վերանորոգել 16 կամուրջ: