Տուպայի մէջ գործող «Ռասիա» ներդրումներու ընկերութեան ղեկավար Ժոզէֆ Փորքովսկի Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին ընթացքին

վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին ներկայացուցած է «Հայաստանի հարաւային երկաթուղի» նախագիծի իրագործման ուղղուած ուսումնասիրութեան արդիւնքները։ 305 քմ. երկարութիւն ունեցող երկաթուղիին շինութիւնը պիտի արժէ 3,8 միլիառ տոլար:

Ըստ ուսումնասիրութեան՝ Կակարին կայանէն (Գեղարքունիքի մարզ) մինչեւ Ագարակ (Սիւնիքի մարզ) երկարող գիծով բեռերու փոխադրումներու ծաւալը պիտի կազմէ տարեկան 25 միլիոն թոն: Փորքովսկի յատկապէս նշած է երկաթուղիին տնտեսական կենսունակութեան հեռանկարն ու տարածաշրջանային նշանակութիւնը։

«Հայաստանի հարաւային երկաթուղի»ն՝ առաջին 50 տարին ենթակայ պիտի ըլլայ վերոնշեալ «Ռասիա» ներդրումներու ընկերութեան։