Երէկուան մեր թիւով կը հաղորդէինք ՀՅԴ-ի կազմակերպած երթի մասին դէպի նախագահական ապարանք, Պռոշեան համայնքի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան դէպքի բացայայտման պահանջով:
Երթի մասնակիցները նախագահ Սարգսեանին յանձնած են նամակ մը ուր կ՛ըսուէր.-
Մեծարգո՛յ պարոն Նախագահ, 2013 թուականի Ապրիլի 2-ին Պռոշեան համայնքում՝ գիւղապետարանի առաջ, սպանուեց Արցախեան պատերազմի հերոս, «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշանակիր, Պռոշեանի գիւղապետ, դաշնակցական Հրաչ Մուրատեանը: Անցել է եօթը ամիս: Նախաքննութիւնը շարունակւում է, եւ այդ անարգ ոճիրը դեռ եւս չի բացայայտուել:
«Հերթական անգամ հասարակութեան մէջ թերահաւատութիւն է առաջացել արդարադատութեան հանդէպ: Մտահոգութիւն կայ, որ այս երկար ընթացքում ամբողջական եւ բազմակողմանի քննութիւն չի իրականացուել:
«Նման եզրակացութեան հիմք է տալիս այն, որ նախկինում էլ այստեղ յանցագործութիւններ են կատարուել. 2009 եւ 2010 թուականներին Պռօշեանի գիւղապետարանի վրայ յարձակումներ են եղել, 2010 թուականին գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի եւ իր եղբօրորդու դէմ մահափորձ է կատարուել, 2012 թուականի սեպտեմբերին խուլիկանական յարձակում է եղել: Այդ յանցագործութիւնների չբացայայտումը եւ անպատժելիութիւնը, ի վերջոյ, յանգեցրել են Հրաչ Մուրատեանի սպանութեանը:
«Սպանութիւնից յետոյ՝ 2013 թուականի գիւղապետի ընտրութիւնների ժամանակ, իշխանութեան որոշ շրջանակներ չափազանց աշխուժութիւն դրսեւորեցին. օգտագործուեցին վարչական եւ ֆինանսական լծակները, յստակ ուղղորդուեցին զինծառայողները, եւ պատճառահետեւանքային կապ ստեղծուեց սպանութեան միջոցով գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի վերացման եւ նրա հակառակորդների՝ ամէն գնով իշխանութեան հասնելու միջեւ: Սրանով ամրապնդուեց նախկին եւ վերջին յանցագործութիւնների փոխ կապակցուածութիւնը: Կարծիք կայ, որ այսօր այդ նոյն ուժերը խոչընդոտում են գործի բացայայտմանը:
«Պարո՛ն Նախագահ, պահանջում ենք սպանութեան բացայայտման գործը վերցնել ձեր անմիջական հսկողութեան տակ, ապահովել ամբողջական եւ բազմակողմանի քննութիւն: Վստահ ենք՝ նախորդ յանցագործութիւնների, յատկապէս՝ 2010 թուականի մահափորձի բացայայտումը կը յանգեցնի նաեւ «Մարտական խաչի» շքանշանակիր Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան բացայայտմանը:
«Մէկ անգամ եւս շեշտում ենք, որ սա մեր պետութեան պատուի խնդիրն է»:
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ երկրին նախագահէն կը խնդրեն սպանութեան բացայայտումը իր վերահսկողութեան ներքեւ դնել:
Այնուհետեւ Ռուստամեան մտաւ նախագահական նստավայր եւ նամակը յանձնեց նախագահի ներկայացուցիչին, որ խոստացաւ նամակը անմիջապէս նախագահին յանձնել:
Ռուստամեան յոյս յայտնեց, որ սպանութեան բացայայտման ուղղութեամբ քայլեր կը ձեռնարկուին, ինչպէս նաեւ յայտարարեց, որ այս ցոյցով պիտի չբաւարարուին:
«Այսօրուան մեր երթին նպատակն է նախագահին ներկայացնել մեր մտահոգութիւնները: Հրաչ Մուրատեանի տիպարով է, որ մեր երկիրը երկիր դարձած է, այդ տիպարներուն դէմ ուղղուած էր այդ սպանութիւնը, ոչ թէ Հրաչ Մուրատեանի: Պետութիւնը պէտք է ստանձնէ այսպիսի մարդոց ապահովութիւնը, այլ ոչ թէ խրախուսէ, որ ստահակներու խումբ մը յաջողի այդ տիպարը ոչնչացնել», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան: