Հայաստանի տնտեսութեան  նախարարութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Տնտեսական զարգացման նախարարութեան առաջին համատեղ նիստը կայացած է, որը վարած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Տիգրան Դաւթեան: Արցախի պատուիրակութիւնը գլխաւորած է նախարար Կարէն Եսայեանը:

Ընդլայնուած կազմով նիստի ընթացքին  քըննարկուած  են երկու նախարարութիւններու  իրաւասութիւններու ծիրէն ներս ընդգրկուած որոշ հարցեր, մասնաւորապէս, միջավայրի բարելաւման, մտաւոր սեփականութեան, որակի ենթակառուցուածքներու, տեղեկատուական արհեստագիտութեան  եւ այլ ոլորտներու մէջ փոխ գործակցութեան հնարաւորութիւններու  վերաբերեալ:
Նախարար Տիգրան Դաւթեանի խօսքով, Ստեփանակերտի մէջ  օդանաւակայանի եւ Երեւանի “Զուարթնոց” օդանաւակայանի  նոր տերմինալի կառուցումը  էականօրէն պիտի փոխէ ենթակառուցուածքներու մակարդակը 2 երկիրներուն մէջ:
Այդ, մասնաւորապէս, պիտի նպաստելէ ներդրողներու  հոսքին:  Հայաստանի տնտեսութեան  նախարարի խօսքով, այս տուեալը խթան պիտի հանդիսանայ զբօսաշրջութեան զարգացման համար:
 “Կը փորձենք ներգրաւել ԼՂՀ-ին այն գործընթացներում, որոնք իրականացւում են Հայաստանում”,- դիտել տուած է  նախարարը:
 “Ընդհանուր առմամբ, ներդրումները 2011 թուականի առաջին կիսամեակի արդիւնքում դեռ եւս որոշակի ճշտումների կարիք ունեն, բայց արդէն խօսում ենք շուրջ 50 միլիառ դրամի մասին: Ցաւոք, դրանց հիմնական մասը դրամատնային  ներդրումներն են, եւ ուրախալի է այն, որ աւելի քան 70 տոկոսը արդէն երկարաժամկէտ ներդրումներն են”,- ըսած է  ԼՂՀ տնտեսական զարգացման նախարարը։