Անցնող շաբաթավերջին Թեհրանի մէջ կայացաւ ՀՀ  արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեանի հանդիպումը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ:
Նախարար Նալբանդեան Իրանի նախագահին փոխանցեց ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձն ու բարեմաղթանքները:


Իրանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնելով ուղերձի համար, խնդրեց իր ջերմ ողջոյնները փոխանցել նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ Հայաստանի ժողովուրդին: Մահմուտ Ահմատինեժատը, պատմական եւ հինաւուրց բնորոշելով հայ-իրանական յարաբերութիւնները, նշեց, որ Իրանը շահագրգռուած է բարեկամ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդմամբ:
 Իրանի նախագահը եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը գոհունակութիւն յայտնեցին երկու երկիրներուն միջեւ զարգացող համագործակցութեան առումով՝ ընդգծելով աշխուժ փոխ այցելութիւնները, բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը, տնտեսական եւ մշակութային կապերը։ Երկու կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին  առաւել զարգացնել փոխ շահաւէտ յարաբերութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ համատեղ տնտեսական ծրագրերու  իրականացման ընթացքը:

Այլ հանդիպումներ
Իրանի մայրաքաղաքէն ներս կայացաւ նաեւ  նախարար Է. Նալբանդեանի եւ Իրանի իր պաշտօնակից նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ հանդիպումը։
Իրանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը շնորհաւորեց   Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան քսանամեակը եւ նշեց, որ պատմութեան ընթացքին երկու դրացի երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած բարի դրացիական յարաբերութիւնները օրէ օր կþամրապնդուին:
 Էդվարդ Նալբանդեանը իր կարգին  ընդգծեց, որ բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորո

ւածութիւնները եւ ստորագրուած փաստաթուղթերը նոր լիցք կը հաղորդեն երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան:
Հանդիպման ընթացքին  քննարկուեցան  երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգային հարցեր՝  քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային համագործակցութեան, համատեղ իրականացուող ու նախատեսուող ծրագրեր, յատկապէս ուժանիւթի եւ փոխադրութեան բնագաւառներէն ներս:
Նախարարները կարեւորեցին արտաքին գործոց նախարարութիւններու  միջեւ պարբերական խորհրդատուութիւններու իրականացումը, ինչպէս նաեւ իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնումը:
Ալի Աքպար Սալեհիի խնդրանքով ՀՀ նախարարը ներկայացուց արցախեան հարցի ընթացքը։