Ազգային Ժողովի  ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանը յայտնած է, որ նոր ճգնաժամին դիմագրաւելու համար «պէտք է առաջին հերթին ձերբազատուիլ Հայաստանի ներկայի կառավարութենէն»:


Ան կարծիք յայտնած է, որ պարտքային խնդիրները զարգացած երկիրներու մէջ, մեծ հաւանականութեամբ, պիտի յանգեցնեն հանքահումքային ապրանքներու գիներու եւ Հայաստան եկող մասնաւոր դրամական փոխանցումներու նուազման, ինչ որ, հետեւաբար՝ պիտի յանգեցնէ տնտեսական ճգնաժամի նոր ալիքի:
«Մեր տնտեսութիւնը կրկին անգամ պատրաստ պիտի չըլլայ այս իրավիճակին, որովհետեւ կառավարութեան հիմնական քաղաքականութիւնը ոչ թէ երկրի տնտեսութեան ներքին  դիմադրողականութեան ուժեղացումն է, այլ իրավիճակային լուծումներ տալը», յայտնած է Ա. Մինասեանը, որ յիշեցուցած է, որ ՀՅԴ ուզած էր քննարկել կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարցը, ինչ որ տապալած էր խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ: Ան ըսաւ, որ աշնանային նըստաշրջանին ՀՅԴ դարձեալ հանդէս պիտի գայ նոյն նախաձեռնութեամբ: