Շուշիի մէջ կը ստեղծուի մշակութային եւս մէկ հաստատութիւն, որուն գործունէութիւնը կրնայ նախադրեալներ ստեղծել՝ Արցախը գորգագործութեան ուսումնասիրութեան ու զարգացման կեդրոն դարձնելու համար
Երէկ Շուշիի արուեստի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Գորգերու թանգարանի բացման արարողութիւնը: Թանգարանը ստեղծուեցաւ մասնաւոր նախաձեռնութեամբ՝ Վարդան Ասծատրեանի, որ ներկայիս ԼՂՀ նախագահի խորհրդականն է: Այս մասին կը հաղորդէ panorama.am-ը՝ վկայակոչելով ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը:
Թանգարանի հաւաքածուն կը ներառէ 17-րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը հիւսուած 250-է աւելի գորգեր, որոնք լաւագոյնս կը ներկայացնեն արցախեան գորգարուեստի առանձնայատկութիւնները:
Թանգարանի ստեղծման նպատակն է մոռացութենէ եւ կործանումէ փրկել արցախեան աւանդական գորգերն ու գործուածքները, մշտական ցուցադրութեան միջոցով ներկայացնել արցախեան գորգագործական մշակոյթը՝ այդ կերպով նաեւ հակազդելով Ատրպէյճանի կողմէ հետեւողականօրէն իրականացուող հայկական մշակոյթի իւրացման քաղաքականութեան:
Շուշիի արուեստի կեդրոնը հիմնադրուած է 2012-ին մոսկուայբնակ բարերար Կարօ Սարգսեանի կողմէ: 2013-ին շէնքին առաջին յարկը անհատոյց յատկացուեցաւ արցախեան գորգերու եւ կենցաղային հին իրերու պահպանման ու ցուցադրման համար:
Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ պաշտպանութեան ուղղուած այս նախաձեռնութիւնը կարեւորելով՝ ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու Գորգերու թանգարանի գործունէութեան:
Պետութիւն-մասնաւոր փոխգործակցութեամբ, այսպիսով, Շուշիի մէջ կը ստեղծուի մշակութային եւս մէկ հաստատութիւն, որուն գործունէութիւնը կրնայ նախադրեալներ ստեղծել՝ Արցախը գորգագործութեան ուսումնասիրութեան ու զարգացման կեդրոն դարձնելու համար: