Մինչ օրս, ապաւինելով Հայաստանի Ազգային Վիճակագրական Ծառայութեան տուեալներուն, երկրին գործազուրկներուն թիւը 100.000ի շուրջ կը գնահատուէր: Բայց հայաստանեան թերթեր, օրինակ՝ առցանց News.am կը գրէ, թէ անոնց իսկական թիւը 250.000ի շուրջ է:

Ան կը գրէ նաեւ, թէ բարձրագոյն ուսման հաստատութիւնները կամ արհեստներու դասընթացքները աւարտող տասնեակ հազարաւորներէ շատերը ամէն տարի կու գան գումարուիլ գործազուրկներու բանակին վրայ։

ՍՏՐՈՒԿՆԵ՞Ր

Մարդկային իրաւանց պաշտպան ա- ւըստրալիական «Walk Free» հիմնարկը իր հրապարակած ստրկութեան ցուցանիշի աղիւսակին մէջ Հայաստանը 162 երկիրներու միջեւ դասած է 57րդ՝, 10էն 11 հազար ստրուկի թիւով: Այդ թիւը Վրաստանի պարագային աւելի քան 16.000 է, իսկ Ատրպէյճանի պարագային՝ աւելի քան 33.000:

Այս հաշուարկին մէջ նկատի առնուած են, ի շարս այլ երեւոյթներու, մարդու առուծախը եւ անչափահասներու ամուսնութիւնները: