ԵՌԱԳՈՅՆ

Եղուարդ-Երեւան ճանապարհին՝ Հոկտեմբեր 20-ի երեկոյեան տեղի ունեցած է վթար, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է անուանի դերասան Վարդան Պետրոսեան:

Բժիշկները անոր առողջական վիճակ կը գնահատեն կայուն ծանր: Ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Շուշան Յունանեանը նշած է, որ Պետրոսեան իրենց մօտ տեղափոխուած է շտապ օգնութեան մեքենայով: «Պետրոսեանին վիրահատել են, հեռացրել են փայծաղը եւ կարուել է լեարդը, ան մեզ մօտ տեղափոխուելիս մի շարք պոլիտրաւմաներ է ունեցել»,- նշած է Յունանեանը՝ տեղեկացնելով, որ դերասանը այժմ կը գտնուի վերակենդանացման բաժինին մէջ, եւ անոր միացուած է արհեստական շնչառութեան գործիք: «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետը նշած է նաեւ, որ իրենց մօտ տեղափոխուած է նաեւ վթարէն տուժած այլ մէկը, որ նոյնպէս վերակենդանացման բաժինին մէջ է եւ վիճակը նոյնպէս կայուն ծանր է:

  

«Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամը՝ Կարէն եւ Սամուէլ Կարապետեաններու գլխաւորութեամբ՝ որոշած է նոր, ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխան մանկապարտէզ կառուցել Ստեփանաւան քաղաքի մէջ: Այս մասին կը յայտնեն «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամի մամուլի ծառայութենէն: Մանկապարտէզը պիտի կառուցուի քաղաքի «Ռումինական» կոչուող թաղամասին մէջ, որ համեմատաբար նորակառոյց է եւ հակառակ բաւական թիւ ունեցող բնակչութեան՝ չունի մանկապարտէզ: Հաղորդագրութեան համաձայն՝ ընթացքի մէջ են նաեւ Տաշիր քաղաքի մէջ կառուցուող մանկապարտէզի աշխատանքները, նաեւ կը շարունակուին Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածնի Վեհարանի հիմնանորոգման, հանդիսութիւններու սրահի կառուցման, ինչպէս նաեւ Լոռիի մարզային հիւանդանոցի ծննդատան կառուցման աշխատանքները:

 

PanArmenian.net

Հոկտեմբեր 27-ին Մոսկուայի մէջ պիտի կայանայ ԱՊՀ լեռնագնացութեան կազմակերպութիւններու ղեկավարներու Վրաստանի, Պալթեան երկիրներու լիազօրուած ներկայացուցիչներու 5-րդ գագաթաժողովը: Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի, կը յայտնեն Հայաստանի Ալպինիզմի եւ լեռնային զբօսաշրջութեան դաշնութենէն: Գագաթաժողովին պիտի մեկնի Հայաստանի Ալպինիզմի եւ լեռնային զբօսաշրջութեան դաշնութեան վարչութեան անդամ Տիգրան Շահբազեանը: Մոսկուայի մէջ պիտի նշեն նաեւ լեռնագնացութեան 90-ամեակը, որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 26-ին Ճարտարապետներու կեդրոնական տան մէջ:

 

ԱԶԱՏՈՒԹՅՈՒՆ

Կիրակի օր Հայաստանի գրողներու միութեան արտահերթ համագումարին ընթացքին միութեան նախագահ ընտրուեցաւ Էդուարդ Միլիտոնեան: Համագումարի սկիզբը ժողովը վարողը՝ Երեւանի պետհամալսարանի բանասիրական ճիւղի հայ գրականութեան ամպիոնի վարիչ Վազգէն Գաբրիէլեան խնդրեց մէկ րոպէ լռութեամբ յարգել Սեպտեմբեր 2-ին վախճանած Լեւոն Անանեանի՝ Հայաստանի գրողներու միութեան նախկին նախագահի յիշատակը: Անանեանը հէնց այս տարուայ Յուլիսին վերնըտրուած էր միութեան նախագահ: Երէկուան համագումարի օրակարգի միակ հարցը Գրողներու միութեան նախագահի ընտրութիւնն էր: Էդուարդ Միլիտոնեան ստացաւ 199 ձայն, որոնցմէ 159-ը Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն տրուած էին, 40 ձայն՝ Սփիւռքէն: 

 

ԵՐԿԻՐ

Երեւանի մէջ տօնական համերգ մը կազմակերպած էր գիւղնախարար՝ Սերգօ Կարապետեան, գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրը նշելու համար: