ՆԱԹՕն յոյսով է, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը շուտով պիտի կարգաւորուի
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան ընդունած է Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմզ Ափաթուրայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստան-ՆԱԹՕ երկկողմանի համագործակցութեան ներկայ հանգրուանն ու ապագայ հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-ՆԱԹՕ Անհատական գործընկերութեան գործողութեան ծրագիրի կատարման ընթացքին վերաբերող հարցեր:
Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմզ Ափաթուրայը:
Անդրադառնալով ատրպէյճանական կողմէն Հայաստանի ու Արցախի հասցէին հնչող մնայուն սպառնալիքներուն՝ Ափաթուրայը նշած է, որ արդէն ծանօթ է, թէ ՆԱԹՕն Ղարաբաղի հարցին առնչութեամբ որեւէ դերակատարութիւն չունի, բայց կը սատարէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ջանքերուն: «Մենք կը գործակցինք ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի հետ: Բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտը կը դնենք ղարաբաղեան խնդրի բացարձակապէս խաղաղ կարգաւորման հարցին վրայ: Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, միակը՝ փոխզիջումային, քաղաքական լուծումն է: Տարածաշրջանի բոլոր երկիրները տնտեսական, քաղաքական մեծ օգուտներ պիտի ստանան այս հակամարտութեան կարգաւորումէն ետք», աւելցուցած է Ափաթուրայը:
ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը նշած է, որ, ինչպէս յայտնի է, մօտիկ ապագային Մինսկի գործընթացի ծիրին մէջ կը նախատեսուի կազմակերպել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը: «Յոյսով ենք, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը յառաջիկայ հանգրուանին կը կարգաւորուի», յայտնած է ան։
Խօսելով Հայաստանի եւ ՆԱԹՕի գործակցութեան մասին՝ Ափաթուրայը նշած է, որ Հայաստանը միջազգային անվտանգութեան ապահովման աշխոյժ մասնակիցներէն է, ինչպէս նաեւ խաղաղապահ առաքելութիւններու կազմին մէջ:
Ափաթուրայ ըսած է որ իրենք Հայաստանի հետ կը գործակցին նաեւ փտածութեան դէմ պայքարելու մէջ։
Ըստ Ափաթուրայի, իրենց համար շատ յստակ է, որ Հայաստան Ռուսիոյ հետ ռազմավարական գործընկերութեան մէջ է, ինչ որ երկիրին ինքնիշխան որոշումն է, սակայն Հայաստանը միշտ ալ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարած է եւ ընդլայնած իր գործակցութիւնը նաեւ ՆԱԹՕի հետ:
Ան աւելցուցած է, որ ՆԱԹՕ երբեք նպատակ չէ ունեցած ընդլայնիլ եւ տարածուիլ դէպի յետխորհրդային տարածք, սակայն դաշինքի դռները միշտ բաց եղած են ժողովրդավարական երկիրներուն դիմաց. «ասիկա քաղաքական սկզբունք է, որուն մենք հաւատարիմ ենք» ըսած է։