Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան Արցախի մասնաճիւղը արդէն իսկ թեւակոխած է իր 15րդ տարեդարձը։

15 տարիներ առաջ, Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան հիմնադիր Մասթըր Կարօ Քէպապճեանի ջանքերով հիմնուեցաւ Արցախի մասնաճիւղը, որ առաջին օրէն իսկ մարզեց Արցախի երիտասարդութիւնն ու ապագայ սերունդը։ 18 գիւղերու մէջ կազմակերպուեցան մարզումներ, որոնց իրագործման համար, Կարօ Քէպապճեանի կողքին, Արցախ գործուղուեցան Ֆրանսայէն Արթիւր Պէրպէրեան եւ Լիբանանէն Յարութ Ադամեան, որ 9 տարիներ ծառայեց Արցախի մէջ։ Անոնք զոհողութեամբ ու յարատեւութեան կամքով այցելեցին գիւղերը ու սերունդներ մարզեցին «Արթուն միտք, Առողջ մարմին եւ Ազնիւ հոգի» նշանաբանով։

15ամեակի տօնակատարութեան համար Արցախ ժամանեցին Միութեան հիմնադիր Կարօ Քէպապճեան ընկերակցութեամբ Սփիւռքահայ հիւրերու, որոնք հետաքրքրութեամբ հետեւեցան մարզական ներկայացումներուն։ Անոնք նաեւ ականջալուր եղան Արցախի մասնաճիւղի արձանագրած յաջողութիւններուն։ Արդարեւ, Արցախի մասնաճիւղի մարզիկներէն Դաւիթ Գրիգորեան Ղարաբաղը ներկայացնելով մասնացած է Եւրոպայի Ուու Շուի ախոյեանութեան մրցումներուն եւ գրաւած առաջին դիրքը։ Իսկ 2013 թուականի Եւրոպայի Ուու Շուի ախոյեանութեան մրցումներուն Արցախ խլեց հինգ ախոյեանութիւններ Արսէն Բաղրեանի, Դաւիթ Քոչարեանի, Մարատ եւ Դաւիթ Պետրոսեաններու եւ Վարդգէս Մանասեանի կողմէ։

Տօնակատարութեան աւարտին խօսք առաւ Կարօ Քէպապճեան, որ դրուատիքով անդրադարձաւ մարզիչներուն կատարած աշխատանքին ու իրագործուած յաջողութիւններուն։

Ան խոստացաւ Արցախի մէջ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան յարկէն ներս մարզուող ապագայ սերունդներուն թիւը բարձրացնել հազարաւոր մարզիկներուն, որոնք պիտի կազմեն Արցախի ապագայ բանակն ու տէր կանգնին իրենց հողերուն։ Կարօ Քէպապճեան նշեց, որ Արցախի մէջ արդէն իսկ 3500 մարզիկներ անցած են Միութեան հնոցէն ու անոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունին Արցախեան իրականութեան մէջ։

Ան փոխանցեց, որ արդէն իսկ ծրագիրներ կան Արցախեան զանազան գիւղերու մէջ նախօրօք ստեղծուած մասնաճիւղերը վերաշխուժացնելու համար։

Սփիւռքահայ հիւրերը յուզումով հետեւեցան հանդիսութեան ու աւարտին քաջալերելու համար Արցախի մասնաճիւղը, նուիրատուութիւններ կատարեցին, Կեդրոնի վերանորոգութեան համար։