Տաւուշի մարզի ներքին Կարմիր աղբիւրի խաղաղ բնակիչներու ուղղութեամբ կրակ բացած է հակառակորդը, որ կրակեց դաշտերուն մէջ աշխատող գիւղացիներուն ուղղութեամբ:
Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ ինքնաշարժին վրայ կրակոցին պատճառով‘ Նաւուր գիւղի բնակիչ Հայկ Ստեփան Քոսաքեան վիրաւորուեցաւ: Ան փոխադրուած է Բերդի քաղաքային հիւանդանոց եւ միջին-ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի: