ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիէր Եւրոպական խորհուրդի ամսագիրին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ը կրնայ հակամարտութիւններու լուծումներ առաջարկել, սակայն վերջ ի վերջոյ կազմակերպութեան դերը միջնորդութիւնն է, եւ կողմերը ազատ են ԵԱՀԿ-ի առաջարկները ընդունելու կամ չընդունելու:
ԵԱՀԿ-ի տարածքին հակամարտութիւններու կարգաւորման մասին խօսելով՝ Զանիէր նշած է, որ կազմակերպութիւնը համապատասխան մեքանիզմներ ստեղծած է. «Մենք լուծումներ ունինք, սակայն կողմերը պէտք է որոշեն՝ զանոնք ընդունի՞լ, թէ՞ ոչ»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ղարաբաղի եւ Մերձտնեսթրի հակամարտութեան կարգաւորման յոյս կա՞յ, Զանիէր ընդգծած է, որ միասնական որոշում չկայ: «Ամէն ինչ կախեալ է երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումէն, եւ մենք պիտի փորձենք յառաջընթացի հասնելու ճիշդ ճամբայ գտնել»,- ըսած է ան: