ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Եւրոխորհրդարանը համաձայնութիւն տուած է Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ վիզայի դրութեան պարզեցման եւ ընդունման մասին համաձայնագիրներու որդեգրման, գրուած է Եւրոխորհրդարանի պաշտօնական կայքէջին վրայ:

Այսպիսով կարճ ժամանակով ԵՄ երկիրներ մեկնող Հայաստանի քաղաքացիները պիտի հանդիպին նուազագոյն խոչընդոտներու:

Վիզայի դրութեան պարզեցումը կը վերաբերի 180 օրուան ընթացքին 90 օրէն ոչ-աւելի ժամկէտով վիզաներու տրամադրութեան սատարելուն:

Զեկուցող Էտիթ Պաուերը յայտարարած է, որ վիզայի դրութեան պարզեցումը կրնայ նոր ազդակ հաղորդել համագործակցութեան, յատկապէս քաղաքացիներու փոխադրութեան առումով, ինչ որ շատ կարեւոր է մարդոց միջեւ կապերու հաստատման:

Ան աւելցուցած է, որ վիզայի դրութեան պարզեցման մասին համաձայնագիրի հաւասարակշռութեան համար, նաեւ ապօրինի գաղթականութեան հոսքերուն դէմ պայքարի արդիւնաւէտ միջոցներու կարիք կայ։ Համաձայնագիրները ուժի մէջ պիտի մտնեն երկրորդ ամսուան առաջին օրը, երբ վերջին կողմը վաւերացնէ զանոնք եւ իրազեկէ միւս կողմին: