«
Էրեբունի-Երեւան 2795» տօնակատարութեան ձեռնարկներու ծիրէն ներս՝ Երեւանի քաղաքապետարանին յարակից հրապարակին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութենէն ետք՝ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան տօնական շքերթի շուրջ 25 հազար մասնակիցներու ուղեկցութեամբ հանդիսաւոր քայլերթով յառաջացաւ դէպի Հանրապետութեան հրապարակ:
Քաղաքապետարանի մամուլի ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ քայլերթի ամբողջ ընթացքին մայրաքաղաքի բնակիչները իրենց շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները փոխանցած են քաղաքապետին: Տրամադրութիւնը տօնական եւ ջերմ էր նաեւ տօնին համահունչ զարդարուած պատշգամներուն վրայ: Տօնական քայլերթին Մաշտոցի պողոտայ-Զաքեան եւ Մաշտոցի պողոտայ-Ամիրեան խաչմերուկներուն վրայ քայլերթի մասնակիցներուն տօնական համարներով ողջունած են նաեւ պարային խումբերը:
Տօնական շքերթի մասնակիցներուն յաջորդ կանգառը Հանրապետութեան հրապարակն էր, ուր անոնց միացան նաեւ հրապարակին մէջ նախատեսուող ձեռնարկին մասնակիցները: Համերգային ծրագրի ծիրէն ներս իրենց կատարումներով ներկաները ողջունեցին մօտ 1000 պարողներ եւ սիրուած երգիչ-երգչուհինե
ր: Արդէն նաեւ Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի, Երեւանի աւագանիի անդամ Լեւոն Իգիթեան իր ելոյթին մէջ նախ շնորհաւորեց բոլոր երեւանցիները մայրաքաղաքի ծննդեան օրուան առիթով:
«Իսկապէս յուզուած եմ: Երեւանը մեր վերջին մայրաքաղաքն է, եւ մենք բոլորս պէտք է ապրենք այնպէս, որ մեր ամբողջ ուժն ու կարողութիւնները անմնացորդ ներդնենք մեր սիրելի քաղաքի համար: Սա պէտք է լինի մեր կարգախօսը: Ուզում եմ այսօր շնորհակալութիւն յայտնել այս ֆանտաստիկ քաղաքին, որն ինձ դաստիարակել է, քաղաքապետին, որ ինձ արժանի համարեցին այս կոչմանը: Կոչ եմ անում բոլորին ջանք ու եռանդ չխնայել մեր մայրաքաղաքի ամէն անկիւնի մասին հոգ տանելու համար: Հերիք չի, որ դու Երեւանը սիրես, այնպէս պէտք է ապրել, որ Երեւանը քեզ սիրիէ,- նշեց Լեւոն Իգիթեան: