Եւրոխորհրդարանը երէկ Պրիւքսէլի մէջ խորհրդարանական լիագումար նիստի ժամանակ ընդունած է Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ վիզային կարգի պարզեցման եւ վերընդունման մասին նախագիծը:

Այս մասին կը յայտնէ panorama կայքը՝ վկայակոչելով «ԻԹԱՌ-ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը:

Եւրոխորհրդարանի ընդունած փաստաթուղթին մէջ, մասնաւորապէս, կ'ըսուի. «Վիզային կարգի պարզեցումը նոր խթան կրնայ հանդիսանալ երկկողմ համագործակցութեան, մասնաւորապէս, կը բարձրացնէ քաղաքացիներու շարժունակութիւնը: Նոր կանոնները կ'արագացընեն վիզայի տրամադրումը (տրամադըրման որոշումը կ'ընդունուի 10 օրուան մէջ, յատուկ պարագաներու՝ երկու օրուան մէջ կամ աւելի շուտ), ան աւելի մատչելի կը դարձնեն (դիմումը արժէ 35 եւրօ) եւ զերծ կը պահեն դիւանակալային (պիւրոկրատական) քաշքշուկներէն (անհրաժեշտ փաստաթուղթերու ցանկը կրճատուած է քաղաքացիներու որոշ դասակարգի համար՝ Եւրոմիութեան երկիրներու մէջ մօտ բարեկամներ ունեցողներ, պաշտօնական պատուիրակութիւններու անդամներ, ուսանողներ, ուսուցիչներ, գործարարներ, գիտնականներ):

Խորհրդարանականները նաեւ յիշեցուցած են, որ Յունուար 10-ին Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է վերցնել վիզային կարգը Շէնգենեան գօտիի երկիրներուն համար:

Վիզային կարգի պարզեցման եւ վերընդունման համաձայնագրի ստորագրումը Եւրոմիութեան «Արեւելեան համագործակցութեան» երկիրներու ծրագրի ծիրէն ներս է, որ նախատեսուած է աւելի սերտ յարաբերութիւններ հաստատել Եւրոմիութեան եւ շարք մը յետ խորհրդային երկիրներու միջեւ (Հայաստան, Ատըրպէյճան, Վրաստան, Պելառուս, Ուքրանիա, Մոլտովա):