ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 23 Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ Նահանգային ժողովի եւ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամներու միացեալ պատուիրակութիւնն ու անոնց ընկերակցող անձերը, որոնք նախօրեակին Արցախ եկած էին ճանաչողական կարճատեւ այցելութեամբ:

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Նահանգային ժողովի անդամներ Շերիլ Պրաունը, Սքոթ Ուիլքը, Խաչիկ (Կաչօ) Աչաջեանը, Ատրին Նազարեանը, Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամներ Փոլ Քրեքորեանը եւ Պոպ Պլամենֆիլտը, այդ ներկայացուցչական կառոյցներու պատասխանատու աշխատակիցներ, պատուիրակութեան ընկերակցող՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ՝ գործադիր տնօրէն Էլեն Ասատրեանը եւ Նորա Յովսէփեանը:

Ողջունելով հիւրերը՝ Ազգային ժողովի նախագահը գոհունակութիւն յայտնած է պատուիրակութեան այցելութեան առթիւ: Ան նշած է, որ նախորդ տարուան Նոյեմբերին պատիւ ունեցած է հանդիպումներ ունենալու Սակրամենթոյի Նահանգային ժողովին եւ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամներուն հետ՝ հաստատելով, որ այդ հանդիպումները վառ ու խոր տպաւորութիւն ձգած են թէ՛ իր, եւ թէ իրեն ընկերակցող պատ-ւիրակութեան անդամներուն վրայ:

Զրոյցին ընթացքին արծարծուած են զանազան հարցեր՝ կապուած ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին եւ այդ առումով Միացեալ Նահանգներու՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկրի, կարեւոր դերակատարութեան, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղին՝ տարեկան յատկացումներու ձեւով, ցուցաբերուող աջակցութեան, Միացեալ Նահանգներու կարգ մը նահանգներու օրէնսդիր մարմիններու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման իրողութեան, հայ ժողովուրդի պատմական եւ ներկայի կեանքին մէջ Քալիֆորնիոյ նահանգին նշանակութեան, Արցախ-Քալիֆորնիա համագործակցութեան, առկայ կապերու ամրապնդման ու խորացման:

Ապա ԱԺ նախագահը Շերիլ Պրաունը, Սքոթ Ուիլքը, Խաչիկ (Կաչօ) Աչաջեանը եւ Ատրին Նազարեանը պարգեւատրած է Ղարաբաղեան շարժման՝ արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի 25ամեակը խորհըրդանշող յուշամետալներով:

Այնուհետեւ ամերիկեան պատուիրակութեան հետ հանդիպումը շարունակուած է աւելի լայն շրջանակով, Ազգային ժողովի նիստերու մեծ դահլիճին մէջ՝ Արցախի խորհրդարանի պատգամաւորական կազմի, երկրի դատական համակարգի, գործադիր իշխանութեան, քաղաքական ուժերու, հանրային, գիտական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: