Ո
ւորլիք երէկ առաւօտեան աւարտեց իր երեւանեան այցելութիւնը եւ լրագրողներուն հետ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ Ստեփանակերտ:
Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս տալով Ճէյմս Ուորլիք յայտարարեց, որ ինք շրջան եկած է «լսելու եւ սորվելու նպատակով»: «Ասիկա առաջին այցելութիւնս է Հայաստան եւ կը փորձեմ ըստ կարելւոյն լաւ ծանօթանալ երկրին: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ ստանձնելով ամերիկացի համանախագահին պաշտօնը՝ հոս եմ լսելու եւ սորվելու նպատակով»: