ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Եւրոմիութեան համար կարեւորութիւն ներկայացնող Հայաստանը, Մոլտովիան եւ Ուքրանիան պէտք է յստակացնեն իրենց սեփական ուղին:

«Ռեգնում» լրատուական գործակալութեան համաձայն, Փեթերսպուրկի մէջ տուած դասախօսութեան ընթացքին այս տեսակէտը արտայայտած է Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Հերման Վան Ռոմպէյը:

«Մենք ունինք ընդհանուր սահմաններ եւ ընդհանուր դրացիներ: Ուքրանիան, Հայաստանը, Մոլտովիան, որոնք երկուքիս համար ալ կարեւորութիւն ունին, պէտք է յստակացնեն իրենց սեփական ուղին: Սակայն մեր տեսանկիւնէն, Ուքրանիոյ համար Եւրամիութեան հետ համարկման համաձայնագիրը վնաս չի հասցներ Ռուսիոյ հետ վաղեմի յարաբերութիւններուն: Ինչո՞ւ պէտք է առաջադրել «կա՛մ-կա՛մ»ի խնդիր», հարց տուած է Ռոմպէյ:

Ան ընդգծած է, որ եւրոպական մայր ցամաքին վրայ կարելի չէ հասնիլ կայուն անվտանգութեան, եթէ Ռուսիան ու Եւրամիութիւնը սերտօրէն չհամագործակցին:

«Մենք արդէն իսկ շատ բան ըրած ենք» «պաղ պատերազմի» աւարտէն ետք եւ կրնանք հպարտանալ ատով: Միասին մենք պէտք է ընենք աւելին եւ փորձենք լուծել այսպէս կոչուած «ձգձգուող» հակամարտութիւնները, որոնք դեռ առկայ են մեր ընդհանուր դրացիներուն մօտ, ինչպիսին է Մոլտովիոյ մէջ մերձտնեսթրեան հակամարտութիւնը», յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարը:

Աղբիւրը հետաքրքրական նկատած է այն, որ Ռոմպէյ չէ յիշատակած Վրաստանն ու Ատրպէյճանը շարքին այն երկիրներուն, որոնք նոյնպէս մասնակից են Եւրոպական Միութեան «Արեւելեան գործընկերութեան» ծրագիրին: