Մաքսային միութեան միանալու Հայաստանի որոշումը չի նշանակեր, որ Հայաստանը լքած է Եւրոպական վեկտորը եւ վերադարձած ենք Խորհրդային միութիւն:

Այս մասին Սեպտեմբեր 6-ին, մամուլի ասուլիսի ժամանակ նշեց ՀՅԴ Հայ Դատի քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեանը:

Ըստ իր խօսքերուն՝ այստեղ խնդիրն այն է, որ այդ որոշումը, կարծէք, կայացաւ Մոսկուայի մէջ: «Նոյնիսկ նախագահի արտայայտութիւնները   քիչ մը տարբեր են պաշտօնական յայտարարութիւններէն: Նախագահը հանդիպումէն յետոյ ասուլիսի ժամանակ ըսաւ «փոխանցեցի Հայաստանի ցանկութիւնը», այնինչ յայտարարութեան մէջ կը խօսուի Հայաստանի որոշման մասին: Ո՞վ է որոշել, որտե՞ղ է որոշւել, ոչինչ չի ասւում: Սխալն այստեղ այդ որոշումը կայացնելու ձեւն է, պատճառները եւ ոչ անպայման, ըստ էութեան, որոշումը, որ իրականութեան մէջ տակաւին կոնկրետ արդիւնք չի կարող տալ: Ճիշդ այնպէս ինչպէս Եւրամիութեան հետ Ասոցացման համաձայնագիրը եւ ազատ առեւտրի մասին համաձայնագիրը այնքան էլ կոնկրետ արդիւքներ անմիջապէս չէին տայ»,- դիտել տուած է Կ. Մանոյանը:

Ըստ իր խօսքերուն՝ կայացուած որոշումը չի նշանակեր, որ վաղը առաւօտեան կամ երկու ամիսէն մաս պիտի կազմենք Մաքսային միութեան:

Մանոյեանը, սակայն, աւելցուցած է թէ կը կարծէ, որ Հայաստանի առջեւ ընտրութիւն կատարելու որոշում կը դրուի: Ան դժգոհութիւն յայտնած է նաեւ, որ երկրի իշխանութիւնները Հայաստանի միւս քաղաքական ուժերուն չէին նախապատրաստած այս որոշման մասին, նոյնն է իրավիճակը նաեւ Եւրոմիութեան պարագային: «Եւրոմիութեանը եւս չէին նախապատրաստել եւ դա կարող է դժգոհութեան պատճառ դառնալ: Ոչ թէ որոշումը, այլ որ իրենց տեղեակ չեն պահել այդ մասին: Այդ պարագայում մեր հասարակութեան մէջ էլ դժգոհութեան ալիքն աւելի նուազ կը ըլլար, եթէ համապատասխան աշխատանք տարած լինէին»,- նշած է Կիրօ Մանոյեանը:

Ան աւելցուցած է թէ պետք է ունենանք ժողովուրդին կողմէ ընտրուած իշխանութիւններ, որ նման որոշումներ չկայացուին։ «Կարեւորը այն չէ, թէ ռուսները, ղազախները, Եւրամիությունը ինչ կÿասեն: Պէտք է ունենանք ժողովուրդի կողմէ ընտրուած իշխանութիւններ»: