Բողոքի ցոյց՝ նախագահական նստավայրին առջեւ
Ռուսաստանի նախաձեռնած մաքսային միութեան մէջ մտնելու, հետագային Եւրասիական տնտեսական միութեան ձեւաւորման մասնակցելու՝ Հայաստանի որոշման մասին նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ՝ բողոքի հաւաք մը կազմակերպուեցաւ երէկ,
ՀՀ նախագահի նստավայրին առջեւ, տասնեակ քաղաքացիներու կողմէ, որ ոստիկաններու հետ բախումներու առաջնորդուեցաւ, երբ անոնք փորձեցին ցրուել ժողովուրդը:
«Ազատութիւն» ռատիոկայանը կը հաղորդէ թէ հաւաքը ինքնաբուխ էր: