Վերջին օրերուն, հայաստանեան քաղաքական լուրերուն մէջ բազմաթիւ արձանագրութիւններ պահուած են ՀՅԴ երկու անդամներ՝ Վահան Յովհաննիսեանի եւ Լեւոն Մկրտչեանի առաջարկուած դեսպաններու պաշտօնի մասին:
Վահան Յովհաննիսեան «Երկիր»ին պատասխանելով յայտնած է, թէ ինք ստացած է նման առաջարկ, որ ուղղուած է անձնապէս իրեն, եւ ոչ թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
Վահան Յովհաննիսեան յայտնած է, թէ ինք ընդունած է արտասահմանի մէջ ՀՀ-ն ներկայացնելու առաջարկը, տեղեակ պահած է կուսակցութեան եւ ստացած է պատասխանատու մարմնի համաձայնութիւնը:
Ան աւելցուցած է, թէ առաջարկը ունի գործնական բնոյթ եւ չի հանդիսանար իր քաղաքական հայեացքներու փոփոխութեան հետեւանք:
Ան նշած է թէ «Այսօր էլ շատ արձանագրուած յաջողութիւններ արդիւնք են ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակների եւ հայ դիւանագէտների համագործակցութեան: Հայաստանի իրական շահերի պաշտպանութեան հարցում, որեւէ առաջարկ մենք երբեք չենք մերժել, յատկապէս երբ երկիրը կանգանած է լուրջ փորձութիւնների առջեւ»:
Հարցազրոյցը կը հրատարակենք ամբողջութեամբ, մեր վաղուայ թիւով: