ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ մասնակցեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 22րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական միջոցառումներուն։

Նախագահի մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ, Բակօ Սահակեան այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղիկներ զետեղեց Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար զոհուած ազատամարտիկներու, Ազգային Ժողովի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմներուն։

Միջոցառումներուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, ԼՂՀ ԱԺ խօսնակ Աշոտ Ղուլեանը, վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, Արցախի եւ ՀՀի բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, Սփիւռքէն հիւրեր եւ ժողովուրդ։