ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ  ՄԸ

Հանդիպում մը կայացած է, որուն ներկայ էր Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենոն, որ իր գոհունակութիւնը յայտնած է արշաւախումբին կատարած աշխատանքներէն՝ նշելով, որ մեծ սիրով ու հետաքրքրութեամբ կ՛այցելէ Էրեբունի թանգարան ու յարակից հնավայր: «Արդէն տասը տարի է, որ Ֆրանսան կ՛աջակցի Հայաստանի
չորս հնավայրերու մէջ պեղումներու
աշխատանքին, որոնցմէ առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի Էրեբունի
հնավայրին», նշած է դեսպանը:


Հայ-ֆրանսական հնագիտական արշաւախումբը ամփոփեց Երեւանի Էրեբունի ամրոցին մէջ տեղի ունեցող պեղումներուն 6-րդ հանգրուանը, որուն ընթացքին յատկապէս յայտնաբերուեցաւ Խալդ Աստուծոյ տաճարի հանդիպակաց սիւնազարդ պալատի պահպանուած մասը՝ Ն. Ք. 7-6-րդ դարերէն մնացած:
Այս առիթով կայացած է հանդիպում մը, որուն ներկայ էր Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենոն: Ան տեղեկացուցած է, որ այժմ հնագիտական արշաւախումբը իր աշխատանքի քառամեայ երկրորդ ծրագիրի իրականացման հանգրուանին մէջ է, որ պիտի տեւէ մինչեւ 2015 թուական:
Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արեւ Սամուէլեանը յոյս յայտնած է, որ այս աշխատանքը շարունակական ըլլայ: «Էրեբունիի պեղումները շատ օրինակելի են թէ՛ իրենց ընթացքով, թէ իրենց ծրագրով, որը հեռանկարային է եւ գիտական, պատմական նոր յայտնագործութիւնների միտումներ ունի: 2013 թուականի համար տրուել է պեղման 62 թոյլտուութիւն, որից 20-ը հայ-ֆրանսական համատեղ արշաւախմբեր են: Կարծում եմ, այս աշխատանքները տարածաշրջանում մեզ մղում են առաջնային դիրքի հնագիտական ոլորտում», յայտնած է ան:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեան աւելցուցած է, որ շատ դժուար է արդէն վերականգնուած յուշարձանի տարածքին մէջ պեղումներ կատարել, եւ այդ իմաստով, ֆրանսացի մասնագէտները շատ լաւ կը կատարեն իրենց աշխատանքը: