ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Պատմական Հայաստանի Կարս նահանգի Աքիաքայի շրջանէն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը հատած Մուսթաֆա Ուլքերի առնչուած միջադէպին մասին «Երկիր Մեդիա» կրցած է տեղեկութիւններ քաղել սահմանապահներուն մօտ աղբիւրներէ:

Ըստ անոնց, երկու օր առաջ գիշերը, ժամը 3ի շուրջ, Թուրքիոյ երկու քաղաքացիներ, որոնցմէ մէկը 15 տարեկան էր, ոչխար գողնալու նպատակով ուզած են անցնիլ հայ-թրքական սահմանը:

Անոնց համաձայն, սահմանապահը նախ զգուշացուցած է զանոնք եւ խորհուրդ տուած լքել տարածքը, սակայն ստացած է ծաղրական պատասխան թուրք երիտասարդներէն, ապա 2 անգամ օդը կրակած է: Նոյն աղբիւրին համաձայն, այնուհետեւ թուրք երիտասարդներէն մէկը իր քով եղած զէնքով երկու անգամ կրակած է դէպի սահմանապահը՝ չվնասելով զայն: Այս բոլորին յաջորդած է սահմանապահի կրակոցը, որուն պատճառով մահացած է այդ երիտասարդը, իսկ անոր 15ամեայ ընկերը դիմած է փախուստի:

Նոյն առաւօտեան թրքական կողմը գտած է 15ամեայ տղան, որ եւ պատմած է եղելութիւնը, որմէ ետք թուրք պաշտօնեաները առանց բողոքի հայկական կողմէն խնդրած են իրենց փոխանցել սպաննուածին դին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առնչութեամբ 2 Օգոստոսի առաւօտեան հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ խստօրէն դատապարտած է «անմեղ քաղաքացին պարզապէս սահմանը խախտելուն պատճառով հրազէնով կրակ բանալու իբրեւ հետեւանք սպանութիւնը: Սահմանին վրայ սովորական նման միջադէպի նկատմամբ հայկական կողմի անհամաչափ ուժի կիրառումը բացատրութիւն չունի: Այս եւ նման զարգացումները անգամ մը եւս կը շեշտեն, որ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ շարունակական եւ ընդգրկուն բնականոնացման, Հայաստանի՝ հարեւաններուն հետ յարաբերութիւններու ողջամտութիւն դրսեւորելու կարիք կայ»:

Ի պատասխան պաշտօնական Երեւանը յայտարարագիրով մը դիմած է Անգարային՝ ցաւակցելով ու յոյս յայտնելով, որ նման դէպքեր չկրկնուին։